Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հինգշաբթի երեկոյեան, Դամասկոսի համագումարներու պալատէն ներս բացումը կատարուեցաւ Դամասկոսի միջազգային գիրքի տօնավաճառին, պաշտօնական եւ մշակութային մասնակցութեամբ, այդ կարգին՝ շարք մը նախարարներու, արաբ քաղաքական եւ մտաւորական գործիչներու, ինչպէս նաեւ գրողներու եւ մտաւորականներու շարք մը ներկայացուցիչներու։
Բացման իր խօսքով նախագահ աշ-Շարաա ըսաւ. «Մարդկութիւնը միշտ որոնած է ճշմարտութիւնը, գիտելիքը, աշխարհի գաղտնիքները եւ անոր գանձերը։ Մարդ որքան շատ գիտելիք ձեռք բերէ, այնքան աւելի գիտակից կը դառնայ, եւ որքան աւելի գիտակից դառնայ, այնքան աւելի գիտելիքի կարիք կ՚ունենայ։ Ան նման է աղբիւրի, որ երբեք չի ցամքիր եւ երբեք չի յագեցներ զինք որոնողի ծարաւը։ Մարդ արարածը մշտապէս կարիք կ՚ունենայ գիտելիքի, որքան ալ զարգացած ըլլայ ան»։
«Դամասկոսը գիտութեան փարոս էր, գիտելիքներու աղբիւր, որուն կը դիմէին աշխարհի տարբեր կողմերէն։ Ան այն աղբիւրն էր, որուն բարիքները կը հասնէին արեւելք եւ արեւմուտք։ Ահա թէ ինչո՛ւ նախանձն ու չարը փորձեցին ոչնչացնել անոր ինքնութիւնը եւ փարոս ըլլալու հանգամանքը», ըսաւ նախագահը ու շեշտեց, որ Դամասկոս վերադարձաւ ու բոլորս պիտի գործակցինք իր վէրքերը դարմանելու եւ իր երբեմնի փառքը վերահաստատելու, ծաղկեցնելու միասնական Սուրիան իր բոլոր մասնիկներով ու բարեկամներով։
Աւելցնենք, որ գիրքերու տօնավաճառին կը մասնակցէին 35 երկիրներէ աւելի քան 500 հրատարակչատուներ։