4 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
Կողմերը ողջունած են Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վկայութեամբ տեղի ունեցած Խաղաղութեան վեհաժողովի համաձայնութիւններու իրականացման յառաջընթացը:
Անոնք յայտնած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի դրական ընթացքի պահպանման եւ յառաջ մղման կարեւորութիւնը` երկկողմանի ձեւաչափով:
Կողմերը ընդունած են, որ երկու հասարակութիւններն ալ ականատես կը դառնան խաղաղութեան իսկական օգուտներուն` իրենց առօրեային մէջ: Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի առեւտուրի մեկնարկի եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան քարիւղամթերքի շարունակական արտածման, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներէ հացահատիկի եւ այլ ապրանքներու Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան տարանցման գծով:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել ուսումնասիրել երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:
Անոնք նաեւ ողջունած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ համաձայնած վստահութեան ամրապնդման քայլերու ընդլայնման շուրջ:
Փաշինեան ու Ալիեւ քննարկած են ԹՐԻՓՓ-ի եւ այլ ենթակառոյցներու նախագիծերու իրականացումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքը երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար եւ համաձայնած պահպանելու հաղորդակցութիւնները` երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով:
Յայտնենք, որ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Իլհամ Ալիեւին յանձնուեցաւ «Զայետ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջդիմութեան համար: