شارك نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، في الاجتماع الدوري لمجلس رؤساء الطوائف المسيحية في حلب، الذي انعقد صباح يوم السبت الواقع في 31 كانون الثاني 2026، باستضافة رئيس طائفة الأرمن البروتستانت في سورية القس الدكتور هاروتيون سليميان، في دار طائفة الأرمن البروتستانت.
—————
Շաբաթ, 31 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի համայնքապետ, Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, համայնքապետարանի դահլիճէն ներս։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Ժողովին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող զանազան հարցեր։

Համայնքապետերը յոյս յայտնեցին համագործակցութեան ոգիով դժուարութիւնները յաղթահարելու կարելիութեան։
Ժողովը փակուեցաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով։