Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հայացուցած է Իուաննիս Եպիսկոպոսի «Հոգեւոր Սնուցում»-ը։ Այս հատորը Եպիսկոպոսի գործերու թարգմանութեան շարքին չորրորդը կը կազմէ։
Գիրքի սկիզբը Մակար սրբազան կը յայտնէ․ «2026 Տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի» հռչակման ուրախ առիթով, այս համեստ աշխատանքը որպէս միջոց կը դնենք մեր ժողովուրդի զաւակներու տրամադրութեան տակ, օգտակար դառնալու անոնց՝ իրագործելու վերոնշեալ Հայրապետական Հռչակագրի Մտածումը, հրաւէրն ու կոչ-խորհուրդը»:
Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան, Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան եւ Մակար Արք. Աշգարեան գիրքը կը հրատարակեն եւ զայն որպէս երախտիք ու յարգանք կը ձօնեն՝ իրենց հոգեւոր ծնողին եւ զիրենք Սուրբ Եկեղեցւոյ բեմին վրայ, 25 տարի առաջ, Սուրբ Հոգիին կնիքով ու աստուածային եւ երկնային շնորհքով իբրեւ կուսակրօն քահանայ եւ Աստուծոյ ծառայ օծող Գերշ. Տ. Վարուժան Ս. Արք. Հերկելեանին՝ առողջութեան եւ արեւշատ օրերու մաղթանքով, որդիական սիրով եւ երախտագիտութեամբ։
Կողքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբապատկերը գործն է՝ Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի (Իտալիա)։
Իր «Երկու Խօսք»-ին մէջ սրբազան հայրը կը գրէ․ «Գոհութիւն եւ փառք Աստուծոյ իր բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար։ Կը գոհանամ Տիրոջմէ, որովհետեւ կարողութիւնը տուաւ տկարիս, որպէսզի իր շնորհքով այս հատորին թարգմանութիւնն ալ կարենամ իր աւարտին հասցնել եւ զայն մեր երիտասարդ սերունդի նեկայացուցիչներուն սեփականութիւնը դարձնել»։
Ապա կ՚աւելցնէ․ «Ինչպէս նախորդ գիրքի թարգմանութեան առիթով ըսինք, ներկայ կեանքի ընդհանուր պատկերը եւ իրողութիւնը մեծապէս շփոթեցուցիչ եւ հրապուրիչ են։ Եթէ քրիստոնէական իմաստով, անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը չունինք ու կարեւոր եւ սկզբունքային երեւոյթներու մասին նուազագոյն ծանօթութիւնն անգամ կը պակսի մեզի, ապա անխուսափելիօրէն ենթակայ պիտի ըլլանք չարի յարձակումներուն։ Չարին նպատակը մեզ շեղել ու գերին պահել է մարմնաւոր կիրքերուն ու ցանկութիւններուն, աշխարհի ժամանակաւոր փառքին ու պատիւին, հարստութեան եւ անոր հրապոյրներուն։ Այո՛, նպատակը զրկել է մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն, մերկացնելով աստուածային չնորհքներէն ու բարոյական արժէքներէն, հեռացնելով աստուածային ճշմարտութենէն: Եթէ չարին նպատակը յաջողի, ապա անձը պիտի դատապարտուի Հոգեւոր մերկութեան, աղքատութեան եւ անօթութեան»։
Հեղինակը՝ Իուանիս Եպիսկոպոս, Ղպտի քոյր Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն (վախճանեալ), երիտասարդ սերունդով մտահոգ, յատկապէս համալսարանական ուսանողներով, իբրեւ հոգեւոր ծնող` իր զաւակներուն անարատ եւ մաքուր կաթ ջամբելու նպատակով, պատրաստած է 4 հատորներէ բաղկացած աշխատանք մը, որ աւելի քան 40 տարի զայն դասաւանդած է համալսարանէն ներս, որպէս քրիստոնէական կրօնագիտութիւն, համալսարանական ուսանողներուն։
Հեղինակին նպատակը եղած է լուսաբանել, գօտեպնդել եւ հոգեբարոյապէս սպառազինել ուսանողները, որպէսզի կարենան դէմ դնել չարին։ Նաեւ՝ ներկայ այլասերող, բարոյազրկող եւ Աստուծմէ հեռացնող համակարգին կողմէ ծաւալող, ծրագրուած կործանարար Հոսանքին դէմ իրենց հոգեւոր պատերազմը մղեն եւ ճշմարիտ հաւատքը պահելով՝ յաջողապէս կարենան իրենց ընթացքը աւարտել։
Նոյն մտահոգութենէն առաջնորդուած, սրբազան հայրը նախաձեռնած է այս աշխատանքը հայացնելու գործին, եւ երրորդ հատորը իր ա-ւարտին հասած ըլլալով, զայն մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու տրամադրութեան տակ կը դնէ՝ յուսալով որ աշխատանքը իր դրական եւ օրհնաբեր ներդրումը կ’ունենայ ընթերցողի կեանքին մէջ, եւ զայն կ’առաջնորդէ շատ աւելի գիտակից կերպով քրիստոնէական իր կեանքը ապրելու՝ նախանձախնդրութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ մանաւանդ հոգեւորի ամբողջական ըմբռնողութեամբ։
Հատորը կը բացատրէ անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր սնուցումներուն, որոնք կարիք են Հոգեւոր ճանապարհորդութեան առընթեր։ Գիրքը հարուստ է աստուածաշնչական Հաստատումներով ու հայրաբանական մէջբերումներով եւ կը ներառէ հետեւեալ գլխաւոր վերնագիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին կը բաժնուի զանազան ենթավերնագրերու: Այդ թեմաներն են` Աստուածաչունչը, Հոգեւոր կիրառումները, Առանձնութիւնը, Հոգեւոր ընթերցումը եւ Ծառայութիւնը։
Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Գերշ․ Տ․ Վարուժան Արք․ Հերկելեանին, աշխատանքի վերանայումն ու մանր սրբագրութիւնները կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը ազնիւ մեկենասին, որ սիրայօժար յանձն առած է գիրքին մեկենասութիւնը։