Հալէպի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Խորհուրդը կը տեղեկացնէ Հալէպի մէջ անցնող օրերու բախումներուն հետեւանքով եկեղեցւոյ զաւակներու բնակարաններուն կրած վնասները սերտելու անհրաժեշտութիւնը՝ ամենակարճ ժամանակամիջոցին վերանորոգութեան աշխատանքին նպաստելու հնարաւորութիւնը ուսումնասիրելու:
Բնակարանային վնասներ կրողներէն կը խնդրուի Հինգշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ 15-16-17 Յունուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 15։00 ներկայանալ «Ֆարհաթ» հրապարակը գտնուող բժշկական նախագիծի գրասենեակ: