Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ռուբէն Խարազեան, իր տիկինը եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ, յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։
Հանդիպումին ընդհանուր առմամբ արծարծուեցան Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան վերաբերող հարցեր, կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ եւ յոյս յայտնուեցաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնը առաւել զարգանայ եւ նոր յաջողութիւններ նուաճէ։
Սրբազան հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ առաւել ուժ, կորով, համբերութիւն եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն մաղթեց մեծարգոյ դեսպանին՝ իր ստանձնած առաքելութեան մէջ։
Այնուհետեւ, մեծարգոյ դեսպանը, իր տիկինը եւ հիւպատոսութեան խորհրդականը այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր մօտէն ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ այնտեղ գտնուող հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։
Փոխադարձ ողջոյններէ, շնորհակալութիւններէ եւ երախտագիտական արտայայտութիւններէ ետք, սրբազան հայրը օրհնեց, բարի ճանապարհ եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց մեծարգոյ դեսպանին։