Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու, միաբան թէ քահանայ, համագումար մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Համագումարին թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, յանուն թեմի հոգեւոր դասուն, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ 30-ամեայ գահակալութեան տօնախմբութեան առթիւ սիրով ընդառաջեց առանձին զրոյց ունենալ թեմի հոգեւոր հայրերուն հետ։
Համագումարին բացման խօսքը արտասանեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, իսկ համագումարը վարեց Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ թեմի ազգային վարչութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծայրագոյն Վարդապետ Թինքճեան։ Որպէս դասախօս հրաւիրուած էր «Ֆորտըմ» համալսարանէն դոկտ. Ֆրանսիս ՄըքԱլուն: Դասախօսը ներկայացուց հոգեւորականի կոչումին ու հովուական ծառայութեան յատկանշական երեսները, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն ամերիկեան ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Համագումարին իր խօսքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետը՝ յիշեցուց, թէ «Հոգեւորականի կեանքը իր էութեամբ ծառայութիւն է. անոր գործը, ճամբան, մտածումներն ու ծրագրումները ուղղուած են միայն ծառայութեան: Հոգեւորականը իրաւունք չունի իր անձին նեղ պարունակին մէջ մնալու ու ապրելու միայն իր անձին համար, այլապէս հոգեւորականին կոչումը կը դադրի իսկական կոչում ըլլալէ ու կը վերածուի պարզապէս արհեստի՝ դառնալով արհեստաւոր կամ պաշտօնեայ»:
Իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ուսման՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Բնականաբար ուսումը կարեւոր է: Միաբան հայրերը շատ լաւ գիտեն, որ ես ուսումը քաջալերած եմ: Սակայն զգո՜յշ, ուսումը գերիվեր պէտք չէ դառնայ յարաբերաբար մեր ծառայութեան. ուսումը պէտք չէ
ի հեճուկս մեր հոգեւոր ծառայութեան դառնայ առաջնահերթ: Մեր ժողովուրդը մեր հոգեւորականներէն կը սպասէ, որ անոնք ծանօթ ըլլան ներկայ աշխարհի խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու զարգացումներուն: Վերջին հաշուով ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ ալ հոգեւորականը ինքնակղզիացած կերպով կ’ապրին. անոնք ընկերութեան մաս կը կազմեն: Հոգեւորականը կոչուած է ինքզինք մնայուն ուսման ընթացքին մէջ տեսնելու, այլ խօսքով, հարկ է որ ինքզինք միշտ ուսանող նկատէ: Միայն համալսարան երթալով կամ վկայականներ առնելով ուսանող կամ մտաւորական չենք դառնար: Ինծի համար վկայականները ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ անոնք ծառայութեամբ չեն թարգմանուիր: Վկայականները պատէն կախելու եւ մեր կենսագրութիւնները զարդարելու համար չեն, այլ անոնք յիշեցումներ են՝ թէ՛ մեր կատարած աշխատանքին եւ թէ՛ մանաւանդ կատարելիք ուսումնական աշխատանքներու գծով: Իմ սպասումս է, որ մեր հոգեւորականները, ներկայ թէ բացակայ, այս գիտակցութեամբ կարեւորութիւն տան ուսման»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց կարգ մը գործնական քայլեր, որոնք անհրաժեշտ են նոր քահանաներ պատրաստելու աշխատանքներուն: