Կազմակերպութեամբ՝ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Կիրակի, 2 նոյեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Մեծարանքի Երեկոյ, ի պատիւ անձնդիր կրթական մշակ, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, որպէս տնօրէն իր 26-ամեայ անսակարկ ծառայութեան աւարտին, միութեան «Փիւնիկ» սրահէն ներս:
Երեկոյին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, միութեան խնամակալութիւնը, գործադիր մարմինը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, նորանշանակ տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեանը, վարչական եւ տեսչական կազմերը եւ հիւրեր:
Վարժարանի քարտուղարուհի տիկ. Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց եւ բացման խօսք արտասանեց, անդրադառնալով պրն. Անդրանիկին հայ դպրոցէն ներս ունեցած 26 տարիներու նուիրուածութեան եւ բազմաբեղուն աշխատանքին: Ապա, խօսք առաւ միութեան խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտագճեան։ Ան նշեց, թէ պրն. Անդրանիկը Կրթասիրացի բազմանդամ ընտանիքի հարազատներէն մէկը հանդիսացաւ, որպէս բազմավաստակ տնօրէն Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի: Ան հաստատեց, թէ պրն. Անդրանիկը իր տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքով, հաւատքով, դաստիարակչական մօտեցումով, ճկուն յարաբերութեամբ եւ աշխատունակ հոգիով կրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած տնօրէնութեան ծանր առաքելութիւնը եւ Կրթասիրացը նոր բարձունքներու հասցնել՝ 2003-ին վարժարանը օժտելով միջնակարգի բաժինով եւ 2006-ին երկրորդականի բաժինով: Ան ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Անդրանիկին՝ քաջառողջութեան եւ հանգստութեան լաւագոյն մաղթանքները ուղղելով վաստակաշատ տնօրէնին:
Հոգաբարձութեան կողմէ խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ տիար Կարէն Պիլէմճեան։ Ան յուզումնախառն զգացումներով յայտնեց, թէ պրն. Անդրանիկ 26 տարիներ շարունակ աշխատելով, իր դրոշմը դրաւ վարժարանին եւ ընդհանրապէս ուսումնակրթական բնագաւառէն ներս։ Իբրեւ հայ վաստակաշատ տնօրէն եւ իսկական տիպար, ան կերտեց իրարու յաջորդող գիտակից սերունդներ, անոնց ջամբելով բարձրորակ ուսում եւ ազգային ոգի, հայրական գուրգուրանքով եւ խրատներով մշտապէս օգտակար դառնալով աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Ան նշեց, թէ պրն. Անդրանիկին պարգեւատրման առիթով՝ Սեւակ, Սերոբ եւ Սարօ Պօղոսեաններուն կողմէ հիմնուեցաւ «Անդրանիկ-Սոնա Պօղոսեաններ» ուսումնական մրցանակը, որ մինչեւ օրս կը շնորհուի միջնակարգի եւ երկրորդական կարգերու հայերէն լեզուի եւ ընդհանուր նիւթերու առաջնակարգ ուսանողներուն։
Եզրափակելով ան ըսաւ. «Պրն. Անդրանիկ, ձեր վարձքը կատար, դուք Կրթասիրացի կտակը վառ պահեցիք, Աստուած ձեզ օրհնէ ընծայելով առողջութիւն եւ երկար կեանք»:
Վարժարանի նորանշանակ տնօրէն բժիշկ Ճորճ Դաւիթեան երախտագիտութեան զգացումները յայտնեց ըսելով. «Այսօր կը մեծարենք անձնաւորութիւն մը, որ տարիներ շարունակ եղաւ լուսաւոր ճրագը մեր դպրոցին՝ առաջնորդ, ուսուցիչ, բարեկամ եւ հայրական մօտեցում ունեցող անձնաւորութիւն։ Աւելցնելով ան ըսաւ, որ ձեր հետ անցուցած տարիները մեզ սորվեցուցին, թէ առաջնորդութիւնը կը սկսի սրտէն, ո՛չ պաշտօնէն։ Ան պրն. Անդրանիկին մաղթեց առողջութիւն եւ հանգստութիւն։
Այնուհետեւ, տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցան երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի տնօրէնութեան տարիներու գործունէութեան լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ տիար Յակոբ Գասարեանի, տիար Ալեքսան Գարատանայեանի եւ տիար Վաչէ Տիշոյեանի սրտի խօսքերը։
Երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Կրթասիրացի մէջ մատուցած իր 26-ամեայ ծառայութեան համար։ Ան անդրադարձաւ Կրթասիրացի բարգաւաճման եւ երկրորդական բաժինի կառուցման համար տարուած մեծ աշխատանքին։ Ան յիշեց նաեւ վարժարան այցելած հանրայայտ գրագէտները եւ անձնաւորութիւնները։ Նկարագրեց նաեւ պատերազմի տարիներուն ռմբակոծումներու տակ դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Պարոն Անդրանիկ հաստատեց, թէ հայ դպրոցը իր դռները բաց կը պահէ հայ աշակերտներուն առջեւ եւ ընդունելի չէ, որ ոեւէ հայ փոքրիկ զրկուի ուսումէ եւ հեռու մնայ հայկական կրթօճախէ։
Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթասիրացի մեծ ընտանիքին, խնամակալութեան, հոգաբարձութեան, գործադիր մարմինին, սրտի խօսք արտասանողներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր տնօրէնին։
Խնամակալութեան կողմէ ատենապետ տիար Կարպիս Պարտագճեանի եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն 26 տարիներու ծառայութեամբ վարժարանի գոյերթին փայլուն մէկ շրջանը կերտելուն համար։
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Ան վեր առաւ պրն. Անդրանիկին ծառայական ոգին, իր ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը եւ տրոփող սիրտը, որոնց մէջ կը պարփակուին հայրենիքի հանդէպ սէրը, մեր մշակութային, հոգեւոր, ազգային եւ կրթական արժէքները: Ան ըսաւ, թէ եկած ենք գլխագիր իմաստով մեծարելու հայ դպրոցին 26-ամեայ ծառայութիւն ունեցող անձնաւորութիւնը, որ յատկանշուեցաւ անանձնական սիրով եւ նուիրուածութեամբ: Ան ծառայելով Կրթասիրացին, ծառայած եղաւ Բերիոյ Հայոց Թեմին, հայ ազգին, Սուրիոյ եւ ողջ հայրենիքին:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան վաստակաշատ մեծարեալին հետ հանդիպելու ու շնորհաւորանքներ փոխանցելու։
Պարո՛ն Անդրանիկ, հպարտ եւ երախտապարտ ենք ձեզմով։ Շնորհակալութիւն ձեր մեզի տուած գիտելիքներուն, տեղին կատարած դիտողութիւններուն եւ խրատներուն, գնահատանքի խօսքերուն, անկեղծ անձնաւորութեան ջերմ վաստակին:
Յարգանք ձեր նուիրումին եւ վաստակին։
Լիւսի Տիշոյեան