Կալան – այսինքն՝ պատեան, կ’ըսուի՝ «սուրը իր կալանին մէջ պահէ»: Նոյնը կը հաստատեն նաեւ հայերէն լեզուի բացատրական, ստուգաբանական եւ արմատական բառարանները: Ինչ որ թոյլատրելի կը դարձնէ որդեգրել նոր հասկացութիւն մը, գործածելով զայն որպէս՝ կալան, կալանագործի «ալ-սաուաճ» արաբերէն բառին փոխարէն: Այսինքն՝ ինքնաշարժներու պատեանները նորոգող:
Կալանագործութիւնը նորաստեղծ արհեստ մըն է. կը զբաղի փոխադրական միջոցներու եւ մեքենաներու պատեաններու կառոյցով ու նորոգութեամբ: Ան Միջին Արեւելքի մէջ ծնունդ առած է հալէպահայերու ջանքերով: Նախնականօրէն եղած է հայկական արհեստ մը, սկիզբը հայ պղնձագործը փորձած է նորոգել եւ վերականգնել քաղաքին մէջ շրջող ինքնաշարժներու վնասուած, քանդուած ու խորտակուած պատեանները:
Կալանագործութիւնը հաստատուած է 1920-ական թուականներուն, երբ քաղաքին մէջ գտնուած են լման պատեանով ինքնաշարժներ, փոխան նախկին ինքնաշարժներուն, որոնք ունէին միայն դռներ եւ կափարիչներ: Քաղաքին մէջ ինքնաշարժներու արագ աճը կը ճնշէր՝ ստիպելով նորոգել վնասուած կալանները: Այս նոր արհեստին եւ պահանջքին լաւագոյն ներկայացուցիչը պղնձագործներն էին, որոնք կրնային մշակել մետաղի թերթերը եւ զանոնք ձեւաւորել ցանկացած ոճով: Սակայն ատաղձը
կը տարբերէր, առաջինը՝ պղինձ էր, մինչդեռ երկրորդը՝ պողպատ:
Հայ պղնձագործը ընդունելով մարտահրաւէրը դարձաւ հիմնադիրը, ռահվիրան եւ ստեղծագործը այս նոր արհեստին:
Միջին Արեւելքի մէջ կալանագործութեան հիմնադիրն է՝ Ճիւան Երամեան: Ծնած է Խարբերդ 1910-ին: Վարպետ պղնձագործ հայորդի մը, որ Հալէպ հասնելով 1926-ին, աշխատած է պղնձագործներու շուկան, որպէս պղնձագործ: Ապա հետեւելով շուկայի աճող պահանջքին սկսած է նորոգել վնասուած ինքնաշարժներու կալանները պղնձագործներու շուկային մէջ: Եւ վերջապէս 1928-ին յաջողած է հաստատել իր անձնական աշխատանոցը «Պուսթան Քլապ»-ի մէջ, ուր 45 տարի անդադար ծառայած է, որպէս ստեղծագործ ու մասնագէտ կալանագործ մը: Իր համբաւը հասած է Պաղեստին, Յորդանան, Լիբանան եւ Միջագետք: Ճիւան Աստուածատուր շնորհքով օժտուած տղայ մըն էր: Վարպետութեամբ կը վերականգնէր ճզմուած, քանդուած ու կոտրուած կալանները, անոնց նոր շունչ մը տալով կը վերադարձնէր իրենց նախկին ոճին ու տեսքին, նոյնիսկ երբեմն
կը ստիպուէր կորսուած մասերը փոխարինել պղինձի թերթերով, գամելով զանոնք պողպատի թերթերուն հետ, որովհետեւ մետաղներու զօդումը տակաւին ծանօթ չէր Արեւելքի մէջ:
Հեռաւոր շրջաններէ շալկած կը բերէին քանդուած ինքնաշարժները խնդրելով որ նորոգէ զանոնք: Ճիւան՝ ո՛չ միայն եղաւ 45 երկար տարիներ աշխատած ինքնատիպ մեծ վարպետ մը, այլ իր ետին պատրաստեց կալանագործներու հսկայ սերունդ մը: Սկսեալ իր զաւակէն Պետրոսէն, իր աշակերտները եղան՝ Անդրանիկ Սեդրակեան, Կարապետ եւ Վահան Թիւթիւնճեան, Ժոզէֆ եւ Ճորճ Հինտոյեան, Մաղագիա Պոյաճեան, Գասպար Արսլանեան, Արմէն Նալպանտեան, Եդուարդ Ճուայյէտ եւ շատ ուրիշներ, որոնք գործելով Ճիւանի շունչով ու սկզբունքներով, կալանագործութիւնը դարձուցին առաջատար արհեստ մը Միջին Արեւելքի մէջ, իր արհեստի ու արուեստի տարբեր ոճերով, որ հետաքրքրական դարձաւ արհեստակից եւրոպացիներուն համար:
Վերջին հարիւրամեակին, Հալէպի մէջ հայ վարպետ կալանագործներու թիւը բազմացաւ։ Յիշենք անոնցմէ մի քանին՝
-Եզեկէլ Ինճէեան, որ Նոր Գիւղի իր արհեստանոցին մէջ կը գործէր մինչեւ 1960, ապա գաղթեց նախ Լիբանան, յետոյ Աւստրալիա։
-Աւետիս Չիլ Աբօշեան, որ Եզեկէլի մօտ քանի մը տարի աշխատելէ ետք, փոքր տարիքէն նուիրուեցաւ այս արհեստին ու դարձաւ հմուտ կալանագործ։ Ան Պուսթան Փաշա շրջանին մէջ 1960-ականներուն հիմնեց իր անձնական արհեստանոցը եւ տարիներու ընթացքին մեծ համբաւի արժանացաւ։ Կը նորոգէր յատկապէս ամերիկեան հողագործական մեքենաներ (Փիքափ), որմով նշանաւոր դարձաւ Հալէպ նահանգի գիւղացիներուն մօտ։ Անոնք սաճճի Աւետիս անունը փնտռելով կը հասնէին իրեն արհեստանոցը եւ իրենց մեքենաները կը վստահէին իրեն։ Աւետիս Չիլ Աբօշեան կը պատմէ, թէ օր մը գերմանացի մը այցելած է իր արհեստանոցը եւ զարմացած, որ ինքնաշարժին ճզմուած մետաղեայ պատեանը ինչպէ՞ս առանց գործիքի պիտի կարենայ շտկել։ Վարպետը ծիծաղելով ըսած է. «Վաղը եկո՛ւր, ա՛ռ, նոր գնածիդ պէս պիտի գտնես մեքենադ»։ Իրապէս ալ գերմանացին յաջորդ օրը հիացած է տեսնելով իր մեքենային սահուն եւ փայլուն մետաղեայ մակերեսը։ Աւետիս Չիլ Աբօշեանին արհեստանոցին մէջ սորված ու ընթացք առած են շարք մը հայ վարպետներ, ինչպէս Տիգրան Գարաօղլանեանը եւ որդիները՝ Գէորգ եւ Կարպիս Չիլ Աբօշեանները, որոնք մինչեւ այսօր կ’աշխատին նոյն արհեստանոցին մէջ։
-Յակոբ եւ Կարապետ, երկու եղբայրներ, Սուլէյմանիէ։
-Յակոբ Գասապեան, Պուսթան Քլապ
-Աւետիս Ղուկաս, Արուպ
-Նազո եւ Նշան Մարգարեաններ, Սուլէյմանիէ (կարաճաթ), երկու եղբայրները եղած են վարպետ եւ բծախնդիր արհեստաւորներ։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան





