Իւրաքանչիւր տարի, երբ հասնէր Սեպտեմբեր ամիսը, կարծէք սովորութիւն դարձած էր լիբանանահայութեան համար՝ իրարու հարցնել. «Խաչին Այնճար պիտի ելլե՞ս»: Այս հարցումին ետին, բնականաբար, կայ երկար աշխատանք եւ պատրաստութիւն, որովհետեւ Լիբանան ապրողը լաւ գիտէ, որ միշտ կարելի է Այնճար ելլել, բայց այս հարցումը տարին միայն մէկ անգամ կը հարցուի:
Տարիներ շարունակ այս հարցումը երբ ինծի ուղղուէր՝ պատասխանս բացասական կ’ըլլար: Վերջապէս, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով յաւելեալ ճիգ թափեցի եւ դրական պատասխան տուի:
Հաւանաբար ընթերցողը եթէ լսած չէ այս տօնին եւ աւանդութեան մասին, պիտի չհասկնայ գրութեան իմաստը: Այս տօնը Մուսա Լեռան հերոսամարտի յիշատակութեան տօնն է եւ որովհետեւ անիկա
կը զուգադիպի Խաչվերացի տօնի օրերուն, այդ պատճառով ամէն տարի Այնճարի մէջ շատ մեծ տօնախմբութիւն կը կատարուի:
Խանդավառութիւնս մեծ էր այդ օրուան սպասումով, որովհետեւ շատ մարդոցմէ դրական տպաւորութիւններ լսած էի եւ անհամբեր կը սպասէի՝ ապրելու գեղեցիկ պահերը: Ճիշդ է, որ շատ անգամ եղած էի Այնճար, բայց ոչ մէկ անգամ տօնախմբութեան զուգադիպած էր այդ:
Վերջապէս հասաւ երկար սպասուած ժամը եւ հասանք Այնճար: Ինքնաշարժները կանգնեցան Ս. Պօղոս եկեղեցիէն բաւական հեռու հրապարակի մը վրայ, ուր անվտանգութեան աշխատակիցներ փակած էին եկեղեցի տանող ճամբան, որովհետեւ այնտեղէն կը սկսէր ճամբուն երկու ծայրերը դրուած կրպակներու երկար շարքը:
Կրպակներու սկսած գիծը կարծէք անուղղակի կերպով մաղէ կ’անցընէր թաղը եւ շրջանը: Ոչ մէկ օտար մարդ կարելի էր տեսնել այդ գիծէն անդին: Աջ ու ձախ կողմերէն քալող ժողովուրդը այնքան խճողուած էր, որ ծանօթ մը հազիւ տեսած՝ յաջորդ երկվայրկեանին կ’անհետանար բազմութեան մէջ: Մարդիկ, որոնք երկար ժամանակէ տեսած չունէինք, անպայման կարելի էր գտնել այնտեղ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի բարեկամ մը կամ ծանօթ մը պիտի կանգնեցնէր եւ կարճ զրոյց մը ունենար հետդ: Մինչեւ եկեղեցի հեռաւորութիւնը պարզ օրուան մէջ կարելի էր հինգ վայրկեանէն անցնիլ, իսկ այդ օր տասնհինգ վայրկեանէն առաջ կարելի չեղաւ անցնիլ:
Մինչ եկեղեցւոյ շրջափակ կը հասնէի, այնտեղ գտնուող Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց սկիզբ կ’առնէր Մուսա Լեռան հերոսամարտի յիշատակին նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկը: Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ այս տարի միասնաբար կը յիշատակուէին Մուսա Լեռան Հերոսամարտի 110-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան
85-ամեակը:
Ձեռնարկը, որ կը կրէր «Միտքդ Պահէ, որ Ճէպէլ Մուսացի ես» նշանաբանը, իր բովանդակութեամբ խթան կը հանդիսանար պահպանելու հայութեան եւ յատկապէս Այնճարի՝ Մուսա Լեռան աւանդութիւնն ու ժառանգութիւնը: Ան կ’ընդգրկէր ասմունք, երգ ու պար, ինչպէս նաեւ վերին մարմիններու ներկայացուցիչներու պատգամներ, որոնք եզակի բնոյթ ունէին:
Երբ Մուսա Լեռան Հերոսամարտ կ’ըսենք, կարելի չէ մոռնալ նաեւ  18 նահատակ հերոսները, որոնց յիշատակը իւրաքանչիւր այնճարցիի սրտին ու հոգիին մէջ իւրայատուկ տեղ ունի: Նահատակներ, որոնք կարծէք փոխանցեցին այնպիսի կտակ մը, որ մինչեւ այսօր կը նշուի իբրեւ «Խաչի օր Այնճարի մէջ»:
Յայտագիրի աւարտին յանկարծ հնչեց ինծի եւ շատերուս համար անհասկնալի խօսքերու շարք մը: Անդրադարձայ, որ Այնճարի (Մուսա Լեռան) բարբառ էր, սակայն ոչինչ հասկցայ: Աւելի ուշ, այնճարցի բարեկամէ մը բացատրութիւն խնդրելով հասկցայ, որ խօսքը կը վերաբերէր Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութեան եւ անկէ փոխանցուած ժառանգին. անիկա կոչ մըն էր միշտ մնալու խիզախ եւ ամուր, պահելու մուսալեռցիի տոկունութիւնը՝ առանց շեղելու պապենական իրենց հաւատալիքներէն եւ արժէքներէն: Խօսքէն կը մէջբերեմ. «Մընք դառ լէօյրն ընք, թըղ ուգու տուշմէօն. եաօ ըր ուրթուս մը մառնուր քը պէպկընէն աղէօթքն ու լիզէօն. մէտք պիհի թը դէօն ճէպէլ մուսըցէօյց ժառօունգ ըս», իսկ խօսքին բացատրութիւնն է. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին. ուր որ երթաս մի՛ մոռնար պապերուդ աղօթքը եւ լեզուն. միտքդ պահէ, որ դուն մուսալեռցիի ժառանգ ես»:
Ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, ներկայ ամբողջ բազմութիւնը ձեռք-ձեռքի՝ շրջանակ կազմած հաւաքուեցաւ եկեղեցւոյ դիմաց՝ գոհացում տալու համար ամբողջ Լիբանանէն այնտեղ հաւաքուած հազարաւոր հայութեան սպասումին՝ իրենց աւանդական պարերով եւ յատկապէս «տաւուլ-զուռնայով»:
Հաւանաբար ինծի նման շատերու համար այդ պարերը եւ նուագը ընդհանուր մշակութային սովորութիւններ էին, բայց անոնք իրենց մէջ
կը ներառնէին ազգային աւանդութենէն աւելի ցեղային նշանակութիւն մը: Պարերէն իւրաքանչիւրը ունէր անուն մը. մեզի համար կարելի չէր տարբերել զանոնք: Անոնցմէ մէկը կը կրէր «Չալմը Դանկը» կամ «Չալտը Հաւա», որ կը նշանակէ սուրերով պար, որուն ընթացքին պարողները իրարու ձեռքերը խաչաձեւ կը բռնեն՝ սուրերու նման: Կար նաեւ «Ծունտր Հաւա» պարը, որ կը նշանակէ ծանր պար, որ մենապար մըն է:
«Տաւուլ-զուռնայի» նշանակութիւնը ամէնէն հետաքրքրականն էր: Ճիշդ է, որ զանոնք կարելի է տեսնել հայկական աւանդական իւրաքանչիւր տօնախմբութեան ընթացքին, բայց մուսալեռցիին համար անիկա խրախճանքէ եւ տօնախմբութենէ աւելին է: «Տաւուլ-զուռնան» միշտ ներկայ եղած է անոնց առօրեային մէջ, բայց յատկապէս պատերազմներու ընթացքին: Անոնք ոչ միայն կը զուարճանային «տաւուլ-զուռնայով», այլեւ կը պատերազմէին եւ ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէին: Մեզի զուարճութիւն պատճառող նուագարանները այնճարցիին (մուսալեռցիին) համար պատերազմի մղող ազդանշաններ էին:
Այստեղ կ’ուզեմ պատմութեանս ընթացքը պահ մը կանգնեցնել՝ կեդրոնանալու համար կարեւոր կէտի մը: Հաւանաբար զանազան առիթներով գտնուած ենք նման տօնախմբութիւններու, հաւանաբար շատերու համար սովորական թուին նման յայտագրեր եւ մթնոլորտ, բայց այնտեղ ապրածս իւրայատուկ էր: Հայկական ոգին այնպէս կ’եռար ներկաներուն մէջ. որ ակամայ դէմքիս վրայ ժպիտ մը կը գծուէր՝ արտայայտելով ներքին ուրախութիւնս: Ճիշդ է, որ կտակը աւանդողները իրենց նահատակութեամբ կատարած էին այդ փոխանցումը, սակայն աւանդութիւնը իր մէջ կը կրէր ուրախութիւն, հայկականութիւն եւ այնճարցիի նման ապրելու պարտաւորութիւն:
Որքան հետաքրքրական եւ սրտառուչ էր ներկայ գտնուիլ նման աւանդական տօնախմբութեան, նոյնքան եւ աւելի հետաքրքրական ու տպաւորիչ էր տօնախմբութենէն ետք ապրած փորձառութիւնս: Աւանդութիւններու շարքը շարունակուեցաւ նաեւ մատաղի պատրաստութեամբ, որուն մասնակցիլ փափաքողները ուղղակի կամ անուղղակի հսկողութեան տակն էին այնճարցի «վարպետներու» աչքերուն:
Մատաղի կաթսաներուն շուրջ հաւաքուած բազմութիւնը, անոնց խինդ ու ծիծաղին ձայնը քաշողականութիւն մը ունէր, որ հետաքրքրութիւնս արթնցուց եւ ստիպեց, որ քայլերս ուղղեմ դէպի այդ կողմ: Հաւաքուած ներկաներէն իւրաքանչիւրը աշխատանք մը ստանձնած եւ գործի լծուած էր: Կրակին շուրջ մթնոլորտը ջերմ էր, անոր հետ նաեւ ջերմացած էին մտերմիկ զրոյցները, որոնք ունէին իւրայատուկ շունչ եւ ոճ:
Ճիշդ է, որ այնճարցի ծանօթներ եւ բարեկամներ ունէի, բայց այնճարցիին հետ Այնճարի մէջ հանդիպումի համն ու հօտը ուրիշ էր: Կարծէք իրենց ծննդավայրին մէջ գտնուիլը իրենց խօսակցութեան եւ ընդհանրապէս արտայայտութեան տարբեր շունչ կու տար: Չէին օգտագործեր Այնճարի բարբառը, բայց նոյնիսկ իրենց խօսած Արեւմտահայերէնը ուրիշ էր: Իրենց օգտագործած շեշտադրումները, խօսակցութեան եղանակաւորումը եւ երաժշտականութիւնը ինծի անմիջապէս յիշեցուց Քեսապը: Այնքան հարազատ էին անոնց արտայայտութիւնները, որ համարձակութիւն ունեցայ մասնակցելու այդ զրոյցներէն մէկուն: Աշխատանքի վրայ ըլլալով երկար չտեւեց այդ զրոյցը, բայց այնքան հաճելի էր եւ բովանդակալից, որ հիացած չէի ուզեր փախցնել ոչ իսկ բառ մը:
Գիւղական կեանքով ապրող մը երբեմն տարբեր խառնուածք կ’ունենայ քաղաքի մէջ ապրողէն: Յաճախ, շատերէ լսած էի, որ այնճարցիները «չոր» են, բայց երբեք ալ երկար չէի մտածած անոր մասին:
Այդ օր, առաջին անգամ ըլլալով այնճարցիէ մը կը լսէի «մենք չոր ենք» արտայայտութիւնը: Չոր՝ այսինքն կարծր եւ ամուր՝ պահպանելու իրենց սովորութիւնները, աւանդութիւնները եւ սրբութիւնները, իրենց հայկականութիւնը, արժանիքները եւ արժանապատուութիւնը, բայց ընդհակառակն՝ շատ անուշ իրենց բնաւորութեամբ: Չորութիւնը ոչ թէ
կը վնասէր դիմացինը, այլ կ’արտայայտէր այնճարցիին կապուածութիւնը, անկեղծութիւնը, սէրն ու գուրգուրանքը: Հերաքրքրական էր գիտնալ այնճարցիին սրբութիւնները, որոնք երեքն էին՝ Աստուած, Մայր եւ Այնճար: Չոր եւ նախանձախնդիր էին պահպանելու այդ երեքը՝ մեծ յարգանք եւ նուիրում ունենալով անոնց հանդէպ:
Այնտեղէն դուրս գալով պահ մը առանձնացայ՝ հաւաքելու եւ կարենալ ճիշդ ըմբռնելու բոլոր տեսածներս, լսածներս, զգացած ապրումներս եւ տպաւորութիւններս: Եկեղեցւոյ բակը կանգնած կը դիտէի շուրջս եղող անվերջանալի եռուզեռը: Իւրաքանչիւր անձ լծուած էր աշխատանքի մը՝ իրեն վստահուած բաժինին մէջ:
Շատեր հաւաքուած էին կաթսաներուն շուրջ՝ մատաղի պատրաստութեան համար. ուրիշներ մտած էին եկեղեցի եւ կը փորձէին պահ մը Աստուծոյ հետ առանձնանալով իրենց հոգիները հանգստացնել. այլ բազմութիւն մը կրպակէ-կրպակ կը շրջէր՝ նոր բան մը համտեսելու կամ զովանալու, ծանօթ մը բարեւելու եւ կամ պարզապէս ժամանակ անցընելու համար. շատեր ժամը ուշ նկատելով անցած էին իրենց վրանները կամ տուները՝ քնանալու: Բայց կար նաեւ խմբակ մը, որ պզտիկ խարոյկ մը վառած կը վայելէր զով օդը եւ հանդարտ մթնոլորտը՝ բաց ու աստղաշատ երկինքին տակ: Խարոյկով ջերմացող խմբակներու շարքին կարելի չէ մոռնալ ընկերային ճոխ մթնոլորտով՝ երգով ու պարով լուսցնող անքուն «պահակագունդերը»:
Կանուխ ժամերէն այնտեղ բարձրացողը վայելած էր գեղեցիկ արեւնամուտը, իսկ մինչեւ առաւօտ յամառօրէն արթուն մնացողը կը վայելէր զով արշալոյսը, որ իրեն հետ պիտի վերադարձնէր արեւին ջերմութիւնը: Արեւին հետ պիտի վերադառնային նաեւ ուխտաւոր հաւատացեալները՝ մասնակից դառնալու Ս. Պատարագին, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ ստանալու օրհնուած մատաղի իրենց բաժինը:
Սիրելի ընթերցող, երբեմն կեանքի մէջ կ’ապրինք պահեր, կ’ունենանք փորձառութիւններ, որոնք մեր ներաշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն: Զանոնք կարելի չէ միշտ կրկնել, բայց կարելի է երկար ապրիլ անոնց յիշողութեամբ: Վստահ եմ, որ եթէ յաջորդ տարի ինծի ուղղուի վերեւ նշուած հարցումը, վստահաբար առանց յապաղելու պիտի պատախանեմ դրական ձեւով:
Կը փափաքիմ, որ իւրաքանչիւր հայ իր կեանքին մէջ անպայման ապրի Այնճարի այս գեղեցիկ մթնոլորտը կամ  ներկայ գտնուի հայկական աւանդութիւններով լեցուն տօնախմբութիւններու, զգալու համար այն գեղեցկութիւնը, կապուածութիւնը իր արմատներուն եւ աւանդութիւններուն, նախանձախնդրութիւնը՝ իր արժէքներուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ: Այս եւ նման առիթներ աւելիով կը համախմբեն հայութիւնը՝ իրարու կառչածութիւն զգալու, անիկա աւելիով ամրապնդելու եւ աւանդութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու համար:
Գրիգոր Արապաթլեան