Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Համզա ալ-Մուսթաֆա հաստատեց, որ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի Նիւ Եորք այցելութիւնը դարձաւ պատմական առիթ մը, որ թագադրումը հանդիսացաւ ինը ամսուան դիւանագիտական գործընթացին: Աւելցնելով, որ Սուրիա սկսաւ վերադառնալ տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ իր բնական դիրքին՝ վերակառուցելով իր միջազգային յարաբերութիւնները, հիմնուելով երկրի ազգային շահերուն եւ ապահովութեան վրայ:
«Ալ-Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, նախարարը պարզեց, որ Շարաաի այցելութիւնը համընկնեցաւ սուրիա-ամերիկեան յարաբերութիւններու դրական յառաջխաղացքին հետ, այդ առումով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունեց նախագահը եւ դրուատեց անոր ղեկավարութիւնը երկրի կարեւորագոյն ժամանակահատուածին մէջ, ընդգծելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները տասնամեակներ տեւած անհամաձայնութիւններէ ետք սկսած են գործակցային բնոյթ ստանալ: Ապա շնշեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղեալ համարման գործընթացը նկատելի յառաջխաղացք արձանագրած է: