Երկու խանութ՝ ճիշդ դէմ դիմաց: Գունաւոր ապակիներ, դռնեզրերուն կախուած համեմունքի պարկեր: Ամէն քամիի փչոցին, հող ու երկինք կը բուրէր: Անցեալի փոշին՝ բոյրով:
Երկու մարդ՝ Սայիտ ու Պըշարա: Նոյն արհեստը, նոյն տարիքը, նոյն փողոցը, բայց տարբեր աշխարհներ: Լուռ բարեւ, նրբացած ժպիտ: Մէկուն խանութէն՝ մշտական շարժում, միւսը՝ լռութեան մէջ նստած, դիմացի մայթին կը նայի հարցումով, որուն պատասխանը կը խուսափի իր աչքերէն:
Սայիտի խանութը՝ գեղագիտական ու նուրբ: Պիտակներ հին մատենադարանի տառերով: «Սուրիական դարչին», «Հնդկական զաֆրան», «Եգիպտական անիսոն»: Ամէն բան կար, բացի՝ մարդէն։
Իսկ Պըշարային խանութը կը շնչէր: Մտնողը կ’ուզէր չելլել: Օծանելիքի պէս տաք ու փափուկ բոյր մը կը սահէր դուրս՝ կարծես ոչ միայն քիթը, այլ հոգին ալ կը շարժէր:
Մարդիկ կարծես կը մտնէին ոչ թէ ապրանքի, այլ՝ հանգիստի: Երկար կանգնած կը մնային շեմին՝ ներս մտնելէ առաջ թօթափելով իրենց վրայէն քաղաքի փոշին:
Ո՛չ գիներուն մէջ էր տարբերութիւնը, ո՛չ ապրանքի որակին։
Երբ Պըշարային մայրը մահացաւ, եւ խանութը երեք օր փակ մնաց, Սայիտ՝ ներսէն գաղտնի հրճուեցաւ. գուցէ բախտը կը բացուի: Բայց ե՛ւ այդ օրերուն, ե՛ւ ետքը՝ ոչ մէկ ոտք անցաւ իր դռնէն:
Անցաւ ամիս մը եւ Պըշարա մեկնեցաւ առեւտրական ճամբորդութեան: Սայիտ կրկին հաւատաց՝ ա՛յս անգամ բախտը իրեն պիտի ժպտի:
Բայց օրերը անցան, եւ ան տակաւին միայնակ էր իր բազմոցին վրայ։ Խանութին շնչառութիւնը՝ կաթուածահար: Միայն օր մը մէկը ներս մտնելով հարցուց. «Պըշարային խանութը ա՞յս է», եւ երբ ժխտական պատասխան ստացաւ՝ ետ դառնալով դուրս ելաւ առանց նայելու անգամ։
Սայիտ յոգնեցաւ, բայց չյուսահատեցաւ։ Սկսաւ դիտել։ Ամէն օր տասն անգամ դուրս կու գար, միեւնոյն հարցումով՝ «Ի՞նչ ունի Պըշարան, զոր ես չունիմ»:
Եւ օր մը, երբ ամառնային արեւը կ’անցնէր փոշոտ մայթերէն, եւ Սայիտ կրկին նստած էր խանութին առջեւ, յանկարծ զգաց։ Բոյր մըն էր։ Ո՛չ պարզ համեմունք, ո՛չ պարզ հոտ: Շուշանի պէս մաքուր, յիշողութեան պէս քաղցր, անմոռաց։
Շնչեց լիաթոք։ Ոտքերը շարժեցան իբրեւ իրենք զիրենք տարին «դէպի հոն»։
Անցաւ Պըշարային խանութին ետեւը, ուր փոքրիկ օդանցք մը կար։ Հոնկէ էր որ բոյրը դուրս կու գար: Կանգ առաւ, նայեցաւ ներս։ Պըշարա նստած էր, չոր բոյսերով շրջապատուած: Իր դիմաց փոքրիկ ապակեայ շիշ մը: Զաֆրանը կը խառնէր մանանեխի փոշիին, կը շաղէր ձիթենիի ծաղկափոշիով, կը թաւալէր վարդի եփուկին մէջ, ապա վերջին կաթիլը անանուն սեւ շիշէն: Ո՛չ գոյն, ո՛չ հոտ: Բայց եթէ շնչէիր՝ ուղիղ կը յայտնուէր հոգիիդ մէջ:
Բոյրը անմիջապէս բարձրացաւ սենեակին մէջ, սահեցաւ պատերուն վրայ, եւ դուրս ելաւ օդանցքէն՝ ամպի պէս։ Սայիտ կրկին շնչեց: Չտեսաւ՝ զգաց: Կիսաբաց աչքերով փորձեց վերադառնալ խանութ, մանկական յիշողութիւն մը վերագտածի հանգիստով:
Պըշարա զգաց Սայիտին շունչը:
– Չեմ ծախեր համեմունք, Սայիտ։ Ամէն մարդ կրնայ զաֆրան ծախել։ Ես կը խառնեմ ոչ թէ համեմունքներ, այլ՝ յիշողութիւններ։ Ու մարդիկ, Սայի՛տ, սիրտով կ’առնեն, ոչ թէ քսակով։
Սայիտ չպատասխանեց։ Գնաց։ Բայց ներսը՝ սառն չէր։
Յաջորդ օրը մտաւ Պըշարային խանութը, ոչ որպէս մրցակից, այլ՝ որպէս սովորական գնորդ։ Ձեռքը երկարեց, քնքշօրէն շիշ մը վերցուց։
– Ասիկա… ի՞նչ կը պարունակէ, Պըշարա՛։
– Բան մը՝ որ մարդ կը կորսնցնէ, բայց յիշել կ’ուզէ։
Սայիտ գլխով ընդառաջեց։ Առաւ երկրորդ շիշը։ Ապա երրորդը։
Հետագայ շաբաթէն՝ իր խանութը պահեստ էր։ Իր իսկ առեւտուրը Պըշարայէն կþանցնէր։
Երբ մարդիկ հարցնէին, թէ հիմա ի՞նչ կþընէ, կը պատասխանէր.
-Կարօտ կը վաճառեմ… ուրիշի բոյրով։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան