«Ռասմուսէն Կլոպալ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ եւ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի գլխաւորութեամբ «Հայաստանի ընկերներու ցանց»-ի ներկայացուցիչները Հայաստան-Թուրքիա սահմանի «Մարգարա» վերանորոգուած անցակէտ կատարած այցելութենէն վերջ արձանագրեցին՝ հայկական կողմը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդ-մամբ՝ «Հայաստանի ընկերներու ցանց»-ի ներկայացուցիչները Մարգարայի անցակէտ կատարած շրջայցէն ու ստեղծուած կարելիութիւններուն ծանօթանալէ ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ զայն որակելով խոստումնալից նախաձեռնութիւն:
Եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փորձագէտ Ֆրետրիք Ուեսլաուն նախ ներկայացուց խումբի՝ Հայաստան այցելութեան հիմնական նպատակը:
«Մենք եւրոպացիներու խումբ ենք, որ աշխատած է hարաւային Կովկասի մէջ եւ շատ հոգատարութեամբ կը վերաբերի այս տարածաշրջանին ու Հայաստանին հետ: Մենք այստեղ ենք՝ խօսելու հայ գործընկերներու հետ, որպէսզի աւելին իմանանք իրավիճակի մասին՝ յատկապէս 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք, որ իսկապէս պատմական է եւ նոր յոյս եւ նոր խաղաղութիւն բերաւ տարածաշրջան», ըսաւ Ֆրետրիք Ուեսլաուն։
Ան շատ տպաւորիչ համարեց «Մարգարա» անցակէտը եւ տեղւոյն ենթակառոյցները: «Ակնյայտ է, որ հայկական կողմը պատրաստ է սահմանի բացումին, եւ մենք յոյս ունինք, որ ատիկա շատ շուտով տեղի կ’ունենայ», ըսաւ ան:
Անոր համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսի փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք, Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի բացումը պէտք է առանց խոչընդոտներու գործընթաց դառնայ: «Կարծեմ՝ մենք բոլորս կը փափաքինք այս տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման ականատեսը ըլլալ: Եւ, բնականաբար, սահմաններու բացումը պէտք է դառնայ անոր մէկ մասը: Մենք յոյս ունինք, որ ատիկա հնարաւոր չափով շուտ տեղի կ’ունենայ», ընդգծեց Ֆրետրիք Ուեսլաուն: