(Զրոյց երկուքի միջեւ)
«Կուշտը ի՞նչ կը հասկնայ անօթիին վիճակէն», կ’ըսէ ժողովուրդը եւ ճիշդ կ’ըսէ:
-Պիտի երթամ:
-Ո՞ւր:
-Դեռ չեմ գիտեր, բայց պիտի՛ երթամ:
-Ինչո՞ւ:
-Կը հարցնես ինչո՞ւ… չե՞ս գիտեր ինչո՛ւ:
-Քիչ մը կարծեմ գիտեմ…
-Ա՛լ յոգնեցայ՝ մէկ տեղէն միւսը եկայ կրակէն փախչելով, կրակը ետեւէս հասաւ:
Երկու դրացիներ, խանութները քովէ քով, առտու կանուխ եկեր, խանութը բացեր, խնկեր էին եւ հիմա քովէ քով սուրճ կը խմէին:
Պահ մը լռեցին:
-Երանի սկիզբէն իսկ ուրիշ տեղ մը երթայի՝ Գանատա, Գերմանիա, Շուէտ…,- կարծես ինքն իրեն կը խօսէր,- լաւ որ դեռ չեմ ամուսնացեր:
-Բայց նշանուեր ես…
-Այն օրերուն մտածեցի, հայո՛ւ պէս մտածեցի՝ Հալէպը կրակներու մէջ է, Պէյրութը սկսաւ լաւանալ – հաւատացի որ կը լաւանայ, որովհետեւ յիսուն տարիէ ի վեր կրակներու մէջ էր, արդար էր որ ա՛լ լաւանար – Հայաստանը մօտ է մեզի ըսի, Թուրքիան մօտ է ըսի…
-Ինչո՞ւ Թուրքիան ալ մտածեցիր:
-Ծնողներս այնթապցի են, Այնթապը մօտ է… երեսունվեց տարեկան եմ, հազիւ տուն մը գտեր, կանխավճարը տուեր էի… այդ ալ գնաց,- պիտի լար:
-Իրաւունք ունիս, մարդ տասը-քսան տարի կ’աշխատի, ի վերջոյ պզտիկ տուն մը ունենալու համար, յետոյ մէկ վայրկեանէն միւսը՝ փո՜ւֆ… վերջացաւ, զերոյի իջանք…
-Գոնէ երթամ, սկսիմ անանկ տեղէ մը, որ չմտածեմ ռումբ, կռիւ, հրդեհ… Արցախն ալ գնաց. ընկերս գացեր էր, հող առեր, այգի հասցուցեր էր եւ գինիի գործ կ’ընէր, կ’ըսէր՝ եկո՛ւր, Յովի՛կ, եկուր, դրախտի պէս
տեղ է…
-Պիտի երթա՞ս:
-Կատակ կ’ընես, հազիւ որոշեր էի, Արցախն ալ գնաց, չէ, չգնաց, ինչ կ’ըսեմ, տուաւ, ձեռքերը կոտրտին, տուաւ, կարծես հօրը ժառանգն էր… Բայց պիտի երթա՛մ:
Կրկին լռեցին: Խօսք մնացե՞ր էր խօսելու:
Բացաւ Ազդակը. առանց առաջին էջին նայելու, ետեւ դարձուց, ուղղակի վերջին էջը:
-Ի՞նչ կը փնտռես վերջին էջին մէջ:
-Նայիմ ո՞վ մեռեր է, ով մնացեր:
-Դուն մնացե՞ր ես:
-Մնացեր եմ, կարծեմ, եթէ ասիկա մնալ կը հաշուես: Դուն ըսիր՝ քսան տարի տուն մը ունենալու համար կ’աշխատիս, մէկ վայրկեանի մէջ
կը փլչի: Հապա հնութիւննե՞րը… Ծօ եկեղեցի չմնաց չքանդեցին, բերդ չմնաց վար չառին… վիզը տակը մնար այդ խաղերը ստեղծողներուն:
-Խա՞ղ, ի՞նչ խաղ:
-Այդ քոմբիւթըրի խաղերը, որ մարդ կ’որսաս, կը սպաննես… այսօրուան զինուորները բոլորն ալ այդ խաղերով մեծցած տղաք են, իրենց համար մէկ է՝ քոմբիւթըրին կոճակի՞ն կոխեր են, թէ ռումբի կոճակին… Ատոր համար ալ կ’երեւի հանգիստ կը քնանան: Խելքս չի հասնիր կոր: Պիտի երթա՛մ:
-Գնա՛, բայց նախ որոշէ ո՞ւր պիտի երթաս…
-Տեղ ալ չմնաց երթալիք: Ամերիկա կ’ըսէին, խենթի պէս դեսպանատուներուն առջեւ կէս գիշերներուն կարգի կը կենային: Գանատան շատ պաղ է ըսին, բայց Ամերիկայէն աւելի լաւ է ըսին… հիմա հոն ալ եկեղեցիներ կը հրդեհեն կոր եղեր, նոր տեսայ, կարդացի որ վերջին տարուան մէջ հարիւրէ աւելի եկեղեցի այրեր է:
-Ո՞վ է այրողը, չըսի՞ն:
-Չեն ըսած, կարծես աւելորդ լարուածութիւն չստեղծելու համար: Բայց գիտցողը գիտէ անշուշտ:
-Սպասէ՛ քեզի բան մը ցոյց տամ, գիշերը տեսայ, պահեցի, որ առտուն քեզի ըսեմ: Մտի՛կ ըրէ:
Քանի մը կոճակ կոխելէ ետք, լաչակով կին մը երեւցաւ պաստառին վրայ. կը խօսէր շատ հանդարտ, աչքերուն մէջ սատանայական բոցով մը:
-Բայց ասիկա AI-ով շիներ են կարծես:
-Ծօ մտի՛կ ըրէ կ’ըսեմ:
Ստիպուած լռեց, մտիկ ըրաւ:
«Տակաւին չէք հասկցած, ո՛չ… Մինչ դուք իրարու հետ կը վիճիք բառերը հնչելու կամ փոքր նախայարձակումներու մասին, մենք կը տեղափոխուինք ոչ միայն ձեր երկիրներէն, այլ եւ ձեր հաստատութիւններէն ներս. դուք մեզ կ’ընդունիք լայնախոհութեան անունով, մենք կը ժպտինք. մենք
կը խօսինք ճնշումի մասին եւ արդարութեան, դուք մտիկ կ’ընէք. բայց… չէք գիտեր թէ ՅԵՏՈՅ մենք ի՛նչ կ’ընենք: Մենք կը վերաձեւաւորենք ձեր ծրագիրները, քաղաքական ուժի կը տիրանանք եւ քննադատները
կը լռեցնենք ցեղապաշտութեան անունով: Դուք կը կարծէք թէ մենք
կը հոգա՞նք այդ երկիրը, որմէ վաղուց ձեռք քաշեր են միւսները եւ ոչ ոք բան մը ըսեր է: Այդ երկիրը գործիք մըն է ձեզ շփոթեցնելու համար, բաժնելու եւ ձեր սկզբունքներէն ձեռք քաշել տալու համար: Նայեցէ՛ք Լոնտոնի, Պըրմինկհէմի, հիմա նաեւ Նիւ Ճըրզիի քաղաքապետներուն: Մենք ոչ միայն կը մերուինք, այլ կը վերաձեւենք ձեզ, կը վերաձեւենք ձեր մշակոյթը, ներսէն… Իսկ դուք կը վախնաք մէկ բառ իսկ ըսելու, շա՜տ կը վախնաք… Արթնցէ՛ք»: Լսեցի՞ր:
Ձայն չկայ, լուռ է:
-Վախցա՞ր:
-Ըսել կ’ուզես որ դուն չե՞ս վախցեր:
-Կը կարծեմ, որ երբ գաղտնիք մը մէջտեղ կ’ելլէ, դիւրին կ’ըլլայ ճիշդ ճամբան գտնելը:
-Հիմա դուն ինծի՛ համար ճիշդ ճամբայ մը ցոյց տուր՝ ո՞ւր երթամ:
-Չինաստա՛ն:
-Չինաստա՞ն… հոն ալ տիքթաթոր է կ’ըսեն…
Կրկին լռեցին:
-Ուր ալ երթաս, ամէն բան կը կորսնցնես՝ ոչ լեզու կը մնայ, ոչ մշակոյթ:
-Կեանքս կը մնայ գոնէ:
-Այսօր կը կարդայի, որ մենք միշտ այսպէս եղեր ենք՝ տկար, թշնամիներով շրջապատուած, բայց մեր մշակոյթը մեզ փրկեր է:
-Չեմ հասկնար՝ մշակոյթը Արցախը փրկե՞ց, մշակոյթը Հայաստանը պիտի փրկէ՞… Դժուա՞ր է հասկնալը, որ երկիր մը որքան մշակոյթի, նոյնքան եւ աւելի բանակի պէտք ունի, զօրաւոր բանակի. չե՞ն ըսեր՝ խաղաղութիւնդ պահելու համար պէտք է պատերազմիս… Այդ գրողը չ’ըսե՞ր, թէ մշակոյթը ինչպէ՞ս մեզ փրկեր է:
-Չէ, չ’ըսեր:
-Այսինքն՝ կամ հոս մնանք, կամ երթանք եւ մշակոյթով փրկուինք. երկու պարագային ալ մարդու պէս ապրելու խօսք չկայ:
-Չկա՜յ… Բայց այսքան յոռետես ըլլալդ չէի գիտեր…
-Ամէն մարդ 1+1=3 կը պոռայ, վնաս չունի, երբ ես ըսեմ՝ 1+1=2, յոռետե՞ս կ’ըլլամ:
* * *
Ո՞ւր մնաց երթալիք. թերեւս Հրա՞տ (Մարս) կամ Լուսնթա՞գ… (Ժիւփիթըր) Ամբողջ աշխարհը կ’եռեւեփի, ամէն տեղ պատերազմ է, եթէ պատերազմ չկայ, սով կայ, ու եթէ սով չկայ, ջարդ կայ… Եւրոպան մատները կը կրծէ իր սխալ «մարդասիրութեան» համար, բայց բանը բանէն շատո՜նց անցեր է: Եւ մարդիկ, անճրկած, կ’երթան այն միակ տեղը, որ ապահով կը թուի, ուր աղուոր խոստումներ կան, եւ ուր… պատերազմ չկայ պիտի ըսէի, բայց հո՛ն է ամէնէն մեծը պատերազմներուն՝ կրօններուն գիրկը:
Մարուշ Երամեան