Շուկաները միշտ ալ ծարաւ են զովացուցիչ ըմպելիի մը: Օրինակ սովորութիւն դարձած է Հալէպի շուկաներուն, որպէս զովացուցիչ մատակարարել մատուտակի «Սուս» եւ հնդկարմաւի «Թամր Հընտի» հիւթ: Նոյնպէս Գահիրէի շուկաներուն կը հրամցուի կիտրոնի հիւթ (lemonade) կամ (շարպաթ) փոխան մատուտակի եւ հնդկարմաւի: Ասիկա սովորութիւն դարձած է XII դարէն մեմլուքներու կողմէ եւ ուրկէ տարածուած է նաեւ Անգլիա 1663-ին, Փարիզ 1676-ին, աւելի ուշ ծաւալած աշխարհը բոլոր, որպէս «լեմոնատա»: Ետքը՝ (1845 թ.) «սոտա լեմոնատա», «լեմոնատա սքուաշ», «սփրիթ» եւ «սեվն աբ», «Քոքա Քոլա» եւ այլն:
Երեւան եւս ետ չէ մնացած այս համաշխարհային եռուզեռէն եւ 1892-ին Խաչատուր Գիլանեան հիմնած է Երեւանի զովացուցիչ ըմպելիներու (Լաստո) գործարանը, ուր կարտադրուի «սոտա լիմոնատա» եւ հանքային ջուր՝ զանազան վաճառանիշերով: Լաստոյի արտադրութիւնները կþարժանանան միջազգային մեծ պարգեւներու (1897 թ. Քիեւ, 1898 թ. Պրահա): Հետագային կը հաստատուի Թիֆլիսի մասնաճիւղը:
Այս աւանդութիւնը շարունակուած է խորհրդային տարիներուն եւս:
Ի՞նչ է սոտան եւ ինչո՞ւ կոչուած է այսպէս: Սոտա-ջուրը պարզապէս, արհեստականօրէն ածխաթթու (CO2) պարունակող ջուրն է, նման հանքային ջուրին: Արհեստական եղանակով ածխաթթու պատրաստելու գործընթացքի զարգացումը շարունակուած է 1662 – 1890։ Աւելին. 1740-ին, Ուիլիըմ Պրաոնիկ կը յաջողի պատրաստել ածխաթթուի լոծոյթով ջուր:
Անիկա կը կոչուի սոտա-ջուր, որովհետեւ ածխաթթուն ստացուած է սոտայի խառնուրդը թթուով մշակելով, որմէ ետք արձակուած ածխաթթուն ճնշումով կը լուծուէր սովորական ջուրին մէջ՝ ստանալու սոտա-ջուր: Այսօր ածխաթթու ստանալու տարբեր եղանակներ կան, աւելի արդիւնաւէտ ու խնայողական, որոնց կիրարկումէն ետք ածխաթթուն ճնշումով պաղ ջուրի (8 C՛) մէջ կը լուծուի:
Հալէպահայերը եւս Հալէպ ներմուծած են այս նորաստեղծ արհեստը: Անոնք մեծ վարպետութեամբ եւ հմտութեամբ ստեղծագործած են սոտայի սիֆոնը (կնճափողը) եւ զետեղած սայլակի մը վրայ ու շրջելով վաճառած զանազան պտուղի հիւթերով պղպջակաւոր օշարակներ: Այս գործը յատուկ էր մեր տէորթեոլցի հայրենակիցներուն: Անոնք միայն մշակած ու աշխատած են այս արհեստը: Անիկա շարունակուած է 1939 թուականէն մինչեւ 1972 թուական (Պոյաճեան): Վաճառողները գտնուած են ներսի շուկայի մուտքին, Քասթալ Հաճճարին, Սապաա Պահրաթ եւ վերջինը Թիլէլ՝ Ճիտէյտէյի մուտքին:
Ուշագրաւ է, թէ հայ արհեստաւորը ինչպէ՞ս կրցած է, պզտիկ սայլակի մը վրայ տեղաւորել «կազոզի» լման սարք մը եւ հրամցնել երկու տասնեակ հիւթեր:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան