Եագուպիէն Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը, Իտլիպի նահանգին մէջ ինկող գիւղ մըն է։ Ան կը գտնուի Ճըսըր Շուղուրէն 15 քմ., Հալէպէն 125 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Եագուպիէն ծովու մակերեսէն 480 մ. բարձրութիւն ունի, ընդարձակ եւ մշտադալար ձիթաստաններու եւ այլ պտղատու ծառերու բազմաթիւ պարտէզներ զայն կը շրջապատեն՝ անոր տալով հոյակապ եւ գեղեցիկ պատկեր։
Ըստ տեղեկութիւններու, 1093-ին Եագուպիէի մէջ կազմակերպուած հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունեցած է։ Իսկ եագուպիէցիք շատ զուարթ, հիւրընկալ եւ բարի բնաւորութիւն ունեցող ժողովուրդ եղած են։ Գիւղին մէջ ուրախութիւններն ու տխրութիւնները հաւաքական բնոյթ ունեցած են։ Զատիկներուն գիւղը կարծէք մէկ ընտանիք կ’ըլլար։
Հայ Առաքելական համայնքը ունի երկու եկեղեցիներ՝ Ս. Աննա հրաշագործ եկեղեցին, որ յիշուած է 1320 թուականէն, եւ Ս. Թէոդորոսի եկեղեցին, հետագային Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին։ Երկուքն ալ շինուած են 14-րդ դարուն մօտաւորապէս։
Ս. Աննա եկեղեցւոյ շէնքը 1914-ին նորոգուած ու բարեզարդուած էր։ Ան ունէր հրաշագործ համբաւ, որ զայն վերածած էր սրբավայրի։ Շարք մը բուժումներ պատահած են հոն։ Խուլեր, համրեր եւ այլազան հիւանդութիւններէ տառապող հաւատացեալներ գիշերած են եկեղեցւոյ մէջ եւ առաւօտուն արթնցած են բուժուած։

Բնակիչները կը խուսափին Ս. Աննայի անունով երդում ընելէ։
1964-ին Ս. Աննայի տօնախմբութիւնը որոշուեցաւ կատարել ամէն տարի Օգոստոսի վերջին Կիրակին։
1958-ին գիւղին մուտքին կառուցուեցաւ Ս. Հռիփսիմէի անուան եկեղեցին, նախկին Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ տեղը, բարերար տիար Յովհաննէս Տապպաղեանի ձեռամբ։ Սոյն շրջափակը կ’ընդգրկէր եկեղեցի, դպրոց, հանդիսասրահ, երիցատուն, գերեզմանատուն եւ Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ պզտիկ մատուռը։
1929-ին բացուեցաւ Եագուպիէի հայկական վարժարանը «Վերածնունդ» անունով։ Հետագային 1963-ին բարձրացաւ այսօրուան դպրոցին երկրորդ յարկը։ Սրահին բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ 1974-ին։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի ջանքերով, բարերար Յովհաննէս Տապպաղեանի (հանգուցեալ) գիւղի բնակարանը գնուեցաւ եւ դարձաւ Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանի մէկ կեդրոնը։
Երկար տարիներու ընթացքին, բոլորին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան, ՀԲԸ Միութեան, հալէպահայ եւ տեղացի բարերարներու, գիւղի թաղական խորհուրդին եւ Եագուպիէի Հայրենակցական միութեան վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի եւ Լաթաքիոյ համայնքներու միասնականութեամբ եւ գործակցութեամբ գիւղի կալուածները մշտապէս նորոգութեան եւ բարեզարդման ենթարկուած են։

Սակայն 14 տարուան դաժան պատերազմին հետեւանքով բնակիչներուն մեծ մասը լքելով իրենց տուները եւ պարտէզները հաստատուեցան Հալէպ, Լաթաքիա եւ այլ օտար երկիրներ։ Հետագային երկրաշարժը քայքայեց գիւղի շարք մը կառոյցներն ու բնակարանները։
Ըստ 2004 թուականի մարդահամարին, գիւղին մէջ հաստատուած էին 68 հայ ընտանիքներ, որոնք կը հասնէին աւելի քան 200-ի տօնական օրերուն, հարսանիքներուն եւ այլն։ Իսկ այժմ հոն վերահաստատուած են 35 հայ ընտանիք՝ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ վերադարձի քաջալերանքով եւ կալուածները իրենց սեփականատէրերուն յանձնելու գնահատելի ճիգերով։
Այսօր Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին վերականգնելու կարիք ունի, դպրոցը փակ է, իսկ հայոց գերեզմանատունը քանդուած ու տարածքը սալայատակով ծածկուած է։ Մոմ ու խունկ մեր բոլոր պապերուն եւ ննջեցեալներուն շիրիմին։
Յատուկ շնորհակալութիւն մեր սրտի խորքերէն բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան Ս. Աննա սրբավայրի վերանորոգման եւ 14 տարի ետք առաջին ուխտագնացութեան իրականացման։
Ս. Աննայի ուխտի օրը կա՛յ ու պիտի մնա՛յ այս երկնասլաց բարձունքին տակ, այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի։
Անի Խեչո Ղազէլեան