Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր գրականութեան անդաստանը կը շարունակէ ծաղկիլ նոր գիրքերով։

Օրերս, հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, լոյս տեսաւ Ատէլ Հալիմի «Սեռայնութեան Քրիստոնէական Իմաստը» գիրքը, զոր հայացուցած է Մակար Արք. Աշգարեան։

Այս գիրքը, որ ուղղուած է յատկապէս երիտասարդներուն եւ ամուսնութեան պատրաստուող զոյգերուն, կը ներկայացնէ սեռայնութեան խոր եւ սուրբ ընկալումը՝ Քրիստոնէական վարդապետութեան լոյսին տակ։ Գիրքը ոչ միայն ուսուցողական է, այլ նաեւ հոգեւոր ուղեցոյց՝ ամուսնութեան խորհուրդին մօտենալու համար՝ հաւատքով, սիրով եւ նախանձախնդրութեամբ։

Մակար սրբազան իր «Ձօն»-ով կը դիմէ բոլոր հայ երիտասարդ զոյգերուն, որոնք իրենց ամուսնական ուղին կը սկսին Աստուածահաստատ Պսակի Սուրբ Խորհուրդով։ Ան կը շեշտէ փոխադարձ սէրը, յարգանքը, համբերութիւնը, զիջողութիւնը եւ զոհողութիւնը՝ որպէս ամուր հիմք՝ Քրիստոս–Փեսայ եւ Եկեղեցի–Հարս յարաբերութեան պատկերին մէջ։

«Այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան». այս սուրբ խօսքը կը դառնայ գիրքին ուղեցոյցը՝ ամուսնութեան խորքին եւ հոգեւոր միութեան բացատրութեան մէջ։

Գրքին կողքը զարդարող սրբապատկերը գործն է Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի ( Իտալիա), որ իր գեղարուեստական շունչով կ՚ամբողջացնէ հոգեւոր պատգամը։