Երիտասարդական-ուսանողական համահայկական բանակումները կը միտին  հարստացնել հայ երիտասարդին մտապաշարը, կոփել անոր նկարագիրը եւ ամենակարեւորը՝ անոր սրտին մէջ կը դաջեն հայրենասիրութեան ոգին։
Այս տարի առիթը ունեցայ մասնակցելու հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած ուսանողական 12-րդ երիտասարդական բանակումին, որուն ընթացքին աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ նոր փորձառութիւններ ձեռք ձգեցի եւ ապրեցայ անմոռանալի պահեր։
Բանակումի իւրաքանչիւր օրուան օրակարգը հարուստ էր  այցելութիւններով, զրոյցներով եւ շահեկան դասախօսութիւններով։
Կարելի չէ չյիշել բանակումի ընդհանուր պատասխանատու՝ ընկեր Մհերը, որ յաջող ղեկավարի յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր ու իր ներկայութեամբ բոլորս կը հրաւիրէր կարգապահութեան ու բծախնդրօրէն հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրներուն։ Ան կենդանի տիպարը դարձաւ եւ փարոս մը եղաւ մեր՝ նոր սերունդի երիտասարդներուս, որուն օրինակին ուզեցինք հետեւիլ բոլորս …
Տպաւորիչ էր հայրենասիրական երգերու նուիրուած փառատօնը, որուն ընթացքին վայելեցինք կատարումները սիրուած երգիչներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններու, Սուրէն Աճէմեանի եւ Սամուէլ Երանեանի։
Ընկերներուս հետ ներկայացուցինք Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ  Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան պատմականը, որ կ’ընդգրկէր վաւերագրական պատկերներ եւ վկայութիւններ, կազմակերպուած բանակումներու, սեմինարներու եւ այլ գործունէութիւններու։
Մեր տաղաւարը հարուստ էր յուշանուէրներով, տպագրուած գրքոյկներով, մելան-գրիչներով, որոնց վրայ տեղադրուած էր միութեանս զինանշանը։
 Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում տարբեր երկիրներ ներկայացնող ընկերներու միջեւ։
Սակայն այս բոլորին կողքին շատ յատկանշական էր Արցախի նուիրուած  օրը, երբ մօտէն ծանօթացանք Արցախի հարուստ մշակոյթին եւ կենցաղին։
Այդ օր բանակավայրէն ներս տեղադրուած էին տաղաւարներ, ուր
կը ցուցադրուէին արցախեան գորգեր, ձեռագործներ, զարդեղէն, ինչպէս նաեւ Արցախի պատմութիւնը, մշակոյթն ու ինքնութիւնը ներկայացնող իրեր։  Տաղաւարները շրջած պահուս արցախցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն խրոխտ նայուածքներուն մէջ նկատեցի հայրենի հողին կարօտը, միեւնոյն ատեն անոնց սրտերուն մէջ յստակօրէն վառ
կը մնար յոյսն ու կրկին Արցախ  վերադառնալու կամքը։
Օրուան յաւելեալ փայլք մը տուին արցախեան տոհմիկ պարերու եւ երգերու  կատարումները, բոլորս միասին շուրջպար բռնեցինք  այն հաստատ հաւատքով, որ այս շուրջպարը անգամ մը եւս պիտի բռնենք ազատ ու  անկախ Արցախի հողերուն վրայ։
Ինչպէս արցախցիին համար, նաեւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար Արցախի խնդիրը փակուած էջ մը չէ, Սփիւռքի մէջ մի՛շտ կ’ապրինք Արցախով ու կ’երգենք. «Ղարաբաղ, սիրտն ես հայութեան…»։
«Պիտի Վերադառնանք» խորագիրը կրող բանակումը անգամ մը եւս հաստատեց հայ երիտասարդին վերադառնալու վճռակամութիւնը եւ ամէն գնով  Հայկական հարցին տէր կանգնելու որոշումը։
Աննկուն կամքով, հաստատ հաւատքով կառչած պիտի մնանք մեր արմատներուն ու անմար պիտի պահենք Արցախի հիմնահարցի ճրագը։
Վանայ Պարմաքսըզեան