Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի.
Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի,պԿիրակի,17 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով։
Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որուն քարոզի բնաբանն էր Աւետարանէն առնուած հետեւեալ խօսքը. «Երանի քեզի, որ հաւատացիր, որովհետեւ այն բաները, որ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուեցան, պիտի կատարուին» ( Ղկ. Ա.45)։
Ան շեշտեց երանութիւնը հաւատացեալներուն, երբ անոնք ընդունին Աստուծոյ խօսքը եւ գործադրեն զայն։ Այս երանութեան կենդանի վկայութիւնն է Սուրբ կոյսը, որ անխախտ հաւատքով եւ խոնարհութեան ոգիով ընդունեց Աստուծոյ հրահանքը։ Ինքզինք աղախին նկատելով`անձնուրացութեամբ ու խոնարհութեամբ յօժարեցաւ Աստուծոյ կամքին եւ առանց տատամսումի ստանձնեց այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնց պիտի հանդիպէր իր կեանքի ընթացքին`ըսելով. «Թող քու ըսածդ ըլլայ» ( Ղկ. Ա.38)։
Նա նաեւ վստահութեամբ ու հնազանդութեամբ ընդունեց Սիմէոն Ծերունիի մարգարէական խօսքը. «Սուրը պիտի անցնի քու սիրտէդ» (Ղկ.Բ.35)։
Այսպէս, Աստուածածինը իր ամբողջ կեանքով կենսաւորեց հաւատքը եւ ապրեցաւ մշտապէս Աստուծոյ շնորհքին ու օրհնութեան ներքոյ։
Յաւարտ Ս. Եւ անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքը։
Այս սովորութիւնը կուգայ հին ժամանակներէ, ուր տարուան առաջին բերքը կ’ընծայուէր Աստուծոյ, այսպիսով մարդիկ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Աստուծոյ իրենց վայելած բարիքին համար եւ նաեւ խնդրելու Աստուծոյ օրհնութիւնը բերքի առատութեան համար։
Եւ բոլոր պտուղներէն առաւել Քրիստոս պատուեց խաղողը, երբ իրեն խաղողի որթ անուանեց եւ բաձրացուց խաղողի որթը միւս տիկիներերէն երբ ըսաւ. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յովհ.Ժե1)։
Խաղողօրհնէքի արարողութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմն ու փողերախումբը, որ աւարտին ներկայ հաւատացեաները խանդավառեց ազգային երգերու նուագեցողութեամբ։
Ապա Եկեղեցասիրաց կազմը խաղողի բաշխումը կատարեց։
բժշկհ. Մարի Մելքոն