Աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքմենստանի Թուրքմենպաշի քաղաք գտնուող նախագահ Վահագն Խաչատուրեան «Դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու երրորդ համաժողովի» շրջագիծէն ներս մասնակցած է Հայաստանի կողմէ կազմակերպուած «Տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ համագործակցութեան խթանումը առեւտրային եւ հաղորդակցութեան բարելաւուած կապերու միջոցով» յարակից հանդիպումին ու մասնակի քննարկումին:
Նախագահը իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսած է.
«Հայաստան պատմականօրէն եղած է խաչմերուկ մը, որ միացուցած է Հիւսիսը Հարաւին, իսկ Արեւմուտքը՝ Արեւելքին հետ՝ իր քաղաքական, առեւտրային եւ մշակութային առանձնայատկութիւններով։ Մեր երկրէն անցնող Մետաքսի ճանապարհը միայն առեւտուր չէր. այն մշակութային երեւոյթ էր, որ կը միաւորէր մարդիկը եւ կը խթանէր միջմշակութային երկխօսութիւնը։ Այսօր եւս, մեր երկիրը՝ իր բարենպաստ աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական ժառանգութեան շնորհիւ, կրնայ նպաստել Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական գործակցութեան, ժողովուրդներու  շփումներուն եւ մշակութային կապերու խորացման։
Մենք համոզուած ենք, որ Հարաւային Կովկասի բոլոր առեւտրային եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ բեռներու, ապրանքներու եւ քաղաքացիներու տեղաշարժին համար՝ դառնալով անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման անկիւնաքար ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ տարածաշրջանէն դուրս»։