Արցախի տարածքներուն մէջ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին բռնկած հրդեհները լուրջ սպառնալիք կը ստեղծեն Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան համար, յայտարարութեան մը միջոցով ահազանգեց Արցախի Մշակոյթի Նախարարութիւնը:
«Հրդեհներուն հետեւանքով վտանգուած է շուրջ 100 պատմամշակութային յուշարձան, կրակի տարածման գօտիին մէջ յայտնուած են Տիգրանակերտի պատմամշակութային արգելոցը, Ամարասի վանական համալիրը, ինչպէս նաեւ Թալիշ համայնքի շրջակայքի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ  գտնուող նշանակալի յուշարձաններ», ըսուեցաւ վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Մշակոյթի Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճան, ըստ միջազգային իրաւունքին եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ ուխտերուն, պարտաւոր է իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանումը երաշխաւորել եւ ձեռնարկել անյետաձգելի միջոցներու՝ հրդեհները շիջանելու եւ հասցուած վնասները վերականգնելու համար։
«Միջազգային կառոյցները եւ մասնագիտական կազմակերպութիւնները եւս պէտք է պատշաճ գնահատական տան ստեղծուած իրավիճակին եւ առնեն գործուն քայլեր՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար», շեշտեց նախարարութիւնը:
Յայտնենք, որ բռնագրաւուած Արցախի մէջ բռնկած հրդեհը օրերով կարելի չէ եղած մարել։ Անիկա բռնկած է Մարտակերտի տարածքին մէջ, վերջին օրերուն ընդգրկած է նաեւ Թալիշը: