25 Յուլիսին, Երեւանի Ալ. Թամանեանի
անուան ազգային թանգարան-հաստատութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ
ճարտարապետ Արա Գէորգեանի
ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը կը կրէր «Դէպի ժամանակակից
ճարտարապետութիւն» խորագիրը: Ան
իրականացաւ ՀՀ
քաղաքաշինութեան կոմիտէի և Ալ.
Թամանեանի անուան ազգային
թանգարան-հաստատութեան հետ
գործակցաբար:
Արա Գէորգեան այն
ճարտարապետներէն է, որ ծանօթ է իր
արհեստավարժ փորձառութեամբ,
ստեղծագործական լայն տեսլականով,
բարձր համաշխարհային
ճարտարապետական նախագիծերու
ստեղծման ու կառավարման
հմտութիւններով: Անոր նախագիծերը
գործադրուած են Միջին Արևելքի,
Լիբանանի, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային
Ափրիկէի շարք մը վայրերու մէջ: Անոր
գործերը կը ներառեն
օդակայաններ, մարզական ու
բնակելի համալիրներ, թատերական
սրահներ, արդիւնաբերական
շինութիւններ եւ այլ նախագիծեր: Ան
կը հանդիսանայ ԱՄՆ Կանաչ շէնքերու
խորհուրդի, ինչպէս նաև՝ Լիբանանի
ճարտարապետներու եւ
ճարտարագէտներու միութեան անդամ:
Այս բոլորին կողքին յատկանշական է, որ Ա.Գէորգեան մեծ ներդրում ունի
Սփիւռքի հայապահպանման
գործին։ Ան ըլլալով 97-ամեայ
կազմակերպութեան՝ Համազգային Հայ
Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իր
նպաստը կը բերէ անոր առաքելութեան իրականացման:
Ճարտարապետի մասնագիտական
ցուցահանդէսը բացուեցաւ Ալ. Թամանեանի
անուան թանգարանի տնօրէն Զարուհի
Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքով:
Վերջինս կարեւոր համարեց
գործակցութիւնը լիբանանահայ
ճարտարապետին հետ եւ յոյս յայտնեց, որ
ցուցահանդէսը առիթ կը հանդիսանայ,
որ Սփիւռքի այլ
ճարտարապետներ եւս նման
ցուցահանդէսներով հանդէս գան
թանգարանէն ներս:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին
Համազգային Հայ Կրթական և
Մշակութային Միութեան աշխարհասփիւռ
ընտանիքի անդամներ՝ Հայաստանէն,
ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն և աշխարհի այլ
վայրերէ:
Համազգայինի կողմէ սրտի խօսք արտասանեցին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ԿՎ
անդամներ Տիգրան Պապիկեան,
Արտաշէս Շահբազեան և Համազգայինի
Երևանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան
Առաքելեան:
«Ցուցահանդէսի պատրաստութիւնը
առիթ ընծայեց անգամ մը եւս արժևորելու իրականացած ծրագրերն ու նախագիծերը,
գործածուած կայուն ու ժամանակակից
մեթոտներու քանակը և ընծայուած
արդիւնքը, որպէսզի հնարաւորինս
նկատի առնուին բոլոր բացթողումները
ապագայ տարբեր նախագիծերու
իրագործման ընթացքին՝ միշտ
հաւատարիմ մնալով հայկական
ազգային ճարտարապետական
սկզբունքներուն », իր խօսքին մէջ ըսաւ Ա. Գէորգեան՝ աւելցնելով, որ
թանգարանի հետ այս յաջող
գործակցութիւնը առիթ կ՚ըլլայ
հետագային ևս ունենալու նման
ցուցահանդէսներ։
«Թող այս ցուցահանդէսը դառնայ նոր խօսք մը մեր ճարտարապետութեան
մշակոյթի ասպարէզին մէջ եւ նոր
հանդիպման սկիզբ՝ Սփիւռքի ու
Հայրենիքի, անցեալի ու ապագայի միջեւ», շեշտեց ճարտարապետը:
Ցուցահանդէսը փակուեցաւ Արա
Գէորգեանի տիկնոջ՝ Լիբանանի
երիտասարդութեան ու
մարմնակրթութեան հարցերու նախկին
նախարար, Պէյրութի «Զուարթնոց»
յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի
տնօրէն Վարդինէ Օհանեանի ջերմ
խօսքով: Տիկին Վարդինէ իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. « Արայի և իմ լաւագոյն ստեղծագործութիւնը մեր հայեցի ընտանիքն է։ Հայրենիքէն հեռու մեր ամէնօրեայ նպատակը եղած է և կը մնայ մեր
մասնագիտութիւնները Հայրենիքին ու
հայապահպանութեան ծառայեցնելը»:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները
առիթ ունեցան հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ կրկին շնորհաւորելու Արա Գէորգեանը՝ անոր մաղթելով բեղուն ստեղծագործական գործունէութիւն:
Արարողութիւնը կը վարէր Համազգայինի Արցախի գրասենեակի
պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան։