Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ երրորդ տաղաւար տօնը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան (այլակերպութեան) տօնն է, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Կիրակի 27 Յուլիս 2025-ին։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Պայծառակերպութեան խորհրդաւոր տօնին, հաւատացեալներուն հոգիները համակուեցան Սուրբ Պատարագի հոգեպարար արարողութեամբ:

Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր՝ օրուան աւետարանական հատուածը (Մտ 16.13-17.13), որուն ընդմէջէն կը բացայայտուին քանի մը աստուածային ճշմարտութիւններ.-
Ա) Աշխարհը իր հրապոյրներով մեզ գետնաքարշ կը դարձնէ եւ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը կը վարագուրէ, թոյլ չտալով, որ ճշմարտութեան հաղորդակից դառնանք։ Այլակերպութեան դրուագին ճամբով Քրիստոս մեզ կը սորվեցնէ առանձնանալով ու երկրային կիրքերէն վեր բարձրանալով Աստուծոյ հետ մշտական հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ։
Բ) Քրիստոս աշակերտներուն առջեւ այլակերպուեցաւ, իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հանդերձները լոյսի նման ճերմակ եղան։ Քրիստոսի հանդերձները կը խորհրդանշեն եկեղեցին եւ հաւատացեալը։ Ուստի, այնքան ատեն, որ միացած կը մնանք Քրիստոսի՝ Աստուծոյ լոյսը մեր կեանքը կը լուսաւորէ եւ մեզ կը զօրացնէ։
Գ) Փարիսեցիներն ու օրէնքի ուսուցիչները Քրիստոսը համարեցին հին կտակարանի օրէնքին եւ մարգարէութեան դէմ գործող։ Այլակերպութեան դրուագին մէջ, Մովսէս եւ Եղիա մարգարէներու ներկայութեամբ, Քրիստոս աշակերտներուն ապացուցեց, որ ինք եկած է հին կտակարանի օրէնքն ու մարգարէութիւնները ամբողջացնելու եւ ոչ ջնջելու։ Քանզի, Մովսէս օրէնքը կը ներկայացնէր, իսկ Եղիան՝ մարգարէները։
Դ) Այլակերպութեան դրուագին ընդմէջէն կը պարզուի, թէ Քրիստոսով կ՚ապրին ննջեցեալներն ու կենդանիները։ Քանզի, Մովսէս թաղուելով ննջեցեալներու ներկայացուցիչը հանդիսացաւ, իսկ Եղիան երկինք բարձրանալով՝ կենդանիներու ներկայացուցիչը հանդիսացաւ։
Ե) Այլակերպութեան դրուագին մէջ լուսաւոր ամպը՝ Հօր Աստուծոյ փառքը եւ աստուածային ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր։ Աստուած երկինքէն կը վկայէր ըսելով. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք»։ Հայր Աստուած երկրորդ անգամն էր, որ կը վկայէր իր Որդիին մասին, առաջինը՝ Մկրտութեան, իսկ երկրորդը՝ Այլակերպութեան պահուն։ «Անոր մտիկ ընել» կը նշանակէ յանձնուիլ, հետեւիլ, վստահիլ եւ հաւատալ Քրիստոսի։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները ճանչնալու զՔրիստոս, կատարելու Անոր պատուիրանները եւ հնազանդելու Անոր։
Ան մաղթեց, որ Քրիստոսով պայծառակերպուինք, զգանք անոր կենդանի ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ մեր հաւատքը գործնականօրէն արտայայտենք, վստահ ըլլալով, որ մեր կեանքերը աստուածային բարիքներով եւ օրհնութիւններով պիտի ողողուին։

Պատարագի ընթացքին, «Տէրունական Աղօթք» եւ «Տէր Ողորմեա՛» երգելով, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի արի-արենուշները յիշատակեցին Լիզպոնի գործունէութեան 42-ամեակը եւ աղօթքով յիշեցին ու յարգեցին Լիզպոնի գործունէութեան հինգ նահատակներուն յիշատակը։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։