قام نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، برفقة وفد من مطرانية الأرثوذكس، بزيارة محافظ اللاذقية السيد محمد عثمان، في مبنى المحافظة، وذلك ضمن زيارته الرعوية إلى اللاذقية، يوم السبت الواقع في ٢٦ تموز ٢٠٢٥.
ضم الوفد الأب أرمين قلاجيان، الخوري فاسكين كوشكيريان، رئيس المجلس التنفيذي لمطرانية الأرمن الأرثوذكس السيد جيراير رائيسيان، عضو المجلس الملي للأبرشية السيد أفو كربوشيان وعدداً من ممثلي اللاذقية وكسب.

خلال اللقاء، تم التطرق إلى العلاقات المتينة التي تجمع مكونات المجتمع السوري، والدور الهام للكنائس في ترسيخ قيم المحبة والتآخي، وتعزيز وحدة النسيج الوطني، خاصة في ظل التحديات الراهنة التي تتطلب مزيداً من التكاتف والتضامن بين جميع أبناء الوطن.
————————-

Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հովուական այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուաւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Մուհամմատ Օսմանին, նահանգապետարանէն ներս։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Քեսապի թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիայէն տիարք՝ Մկրտիչ Էքմէքճեան եւ Գէորգ Գաթրճեան։

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ եղբայրական պինդ յարաբերութեան, որ կը միաւորէ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կարեւոր դերակատարութիւնը՝ սիրոյ եւ եղբայրութեան արժէքները արմատաւորելու ի խնդիր, յատկապէս ներկայ մարտահրաւէրներուն մէջ, զորս յաղթահարելու համար անհրաժեշտ են գործակցութիւնն ու միասնականութեան ոգին։