ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ 
ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ՏՕՆԸ 
Քրիստոսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որ կը կոչուի նաեւ Վարդավառ եւ կը համարուի եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը, եկեղեցական կարեւոր տօներէն մէկն է: Այս տօնը երեք օրերու տեւողութեամբ կը տօնախմբուի եւ որուն երկրորդ օրը Մեռելոց յիշատակութեան յատկացուած է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած կարգադրութեամբ՝ սկզբնական շրջաններուն այս տօնը կը տօնախմբուէր Հայոց Հին տոմարի տարեգլխուն, այսինքն՝ Նաւասարդ ամսուան առաջին օրը, որ կը զուգադիպէր 11 Օգոստոսին: Ս.Գրիգոր  Լուսաւորիչ Նաւասարդեան Ամանորի շրջանին հանդիպող մեծապայծառ տօնախմբութիւնը փոխարինեց Քրիստոսի թափօր լեռան վրայ պայծառակերպ երեւման դէպքի յիշատակով:
 Հայոց Նոր տոմարի կարգադրութեամբ, նկատի ունենալով, որ Օգոստոս ամսուան ուրիշ մեծ տօն մը, Աստուածածինի վերափոխումը սկսած էր տօնուիլ՝ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը փոխադրուեցաւ եւ սկսաւ տօնախմբուիլ Զատիկէն 14 շաբաթ կամ 98 օր ետք, Հոգեգալուստէն 7 շաբաթ ետք հանդիպող Կիրակին:
Այսինքն՝ 28 Յունիսէն 1 Օգոստոսի երեսուն օրերու շարժականութեան միջեւ:
Վարդավառը ժողովրդական լեզուի մէջ այլ կոչումներ ալ ունի, ինչպէս՝ Վարդէոր, Վարդեւոր, Բարդավառ, Վարդեվառ կամ Վարդավառ:
 Այլակերպութեան կամ Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնը նախորդող ժամանակաշրջանը կը կոչուի բարեկենդան Վարդավառի պահոց:
Վարդավառ բառի ծագումին, ստուգաբանութեան եւ նշանակութեան մասին կան քանի մը կարծիքներ, զորս հիմք ունին տօնին բնոյթը եւ աստուածութեան հետ կապուած ըլլալը: Ոմանք Վարդավառը կը կապեն Աստղիկ աստածուհիին, ուրիշներ՝ Անահիտին, իսկ ոմանք Ջրհեղեղին հետ:
Ըստ Ս. Մալխասեանի, Վարդավառ բառը կը բացատրուի որպէս «Քրիստոսի  պայծառակերպութեան տօն»: Իրար վրայ վարդաջուր սկսելու սովորութիւնը հետագային վերածուած է պարզ ջուր սրսկելու սովորութեան:
Վարդ կը նշանակէ ծաղիկ, վարդավառի տօնը կը կապուի նաեւ Աստղիկի հետ, որպէս վարդամատ (վարդէ մատներ ունեցող) դիցուհի, որուն կը նուիրեն ծաղիկներ, յատկապէս վարդեր: Իսկ անոնք, որոնք վարդ բառը կը կապեն ջուրի հետ, Վարդավառը կը բացատրեն որպէս ջրատօն եւ կը կապեն Անահիտի հետ: Անահիտ դիցուհին կը համարուէր ջուրի, պաշտամունքի, պտղաբերութեան, մայրութեան եւ արգասաւորութեան  աստուածուհին:
Սակայն յստակ տեղեկութիւն չունինք, թէ այս բոլորը ինչ կապ ունին Վարդավառի օրը իրար վրայ ջուր թափելու եւ դիցաբանական պաշտամունքներուն հետ: Բայց ինչպէս գիտենք, Վարդավառը որպէս ժողովրդային սովորութիւն իր հետ բերած ու պահած է ջուրի խաղերու եւ աղաւնի թռցնելու աւանդութիւնները:
Տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար լեռներու վրայ ջուրի ակունքներուն մօտ, որոնք այդ օրերուն սրբատեղիներ կը համարուէին եւ զոհաբերութիւններ կը կատարուէին ջուրը հովանաւորող ոգիներուն: Վարդավառին՝ եկեղեցիներուն կը նուիրէին հասկեր, որպէսզի արտերն ու այգիները զերծ մնան աղէտներէ՝ կարկուտէ: Արգիլուած էր Վարդավառի տօնէն առաջ խնձոր ուտել: Վարդավառի տօնին իրարու խնձոր կը նուիրէին: Ծառերու դալար ոստերով կը զարդարուէին տուները, իրարու ծաղկեփունջեր կը նուիրէին, աղաւնի կը թռցնէին, ջրախաղեր կը կազմակերպուէին, նոյնիսկ անասուններուն ճակատները կը զարդարուէին ծաղիկներով:
Վարդավառի օրուան ժողովրդական միւս սովորութիւններէն կը յիշատակուի ձիարշաւը, յաղթական էր ան որ կը յաջողէր իր մրցակիցը գետի ջուրին մէջ զգետնել: Այլ երիտասարդներ հրապարակներու վրայ ըմբշամարտ կը կազմակերպէին: Նոյնիսկ ցուլերու եւ գոմէշներու մարտեր տեղի կ’ունենային:
 Վարդավառի տօնին նորահարսերը, երկրորդ անգամ ըլլալով իրենց ամուսնութենէն ետք 15 օրուան համար իրենց ծնողներուն մօտ կ’երթային:
Մեր մատենագիրները չեն յիշատակեր, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հեթանոսական տօները Քրիստոնէական տօներով  փոխարինուեցան:
Այդուամենայնիւ գիտենք, որ քրիստոնէութիւնը չկրցաւ ժողովուրդի սրտէն ու կեանքէն հեթանոսական հաւատալիքները ջնջել, ընդհակառակն՝ անոնք քրիստոնէական տարազ եւ գունաւորում ստանալով գոյատեւեցին ու  վերապրեցան որպէս մեր նախնեաց աւանդութիւններ: