Սուրիոյ Սուէյտայի շրջանի լարուածութիւնը արդիւնք է բազմաթիւ գործօններու, որոնք կապուած են ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ միջազգային զարգացումներու։
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պատահական զարգացումներ չեն, այլ ազդեցութեան արդիւնք են շրջանային եւ միջազգային կողմերու, որոնք կը ձգտին ազդել Սուրիոյ յետիշխանափոխութեան վերակարգաւորման փուլերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր կողմ իր ռազմավարական շահերը կը ջանայ պահպանուած տեսնել կամ այդ պատրուակով սուրիական կարկանդակէն բաժին մը հանել։
Իսրայէլի յարձակումները եւ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը ցոյց կու տան, որ Սուրիա դարձած է միջազգային քաղաքական շահերու բախման կեդրոն։
Երկրի նոր իշխանութիւնները իսկապէս կը փորձեն կարգաւորել յարաբերութիւնները տարածաշրջանային եւ միջազգային բոլոր կողմերու հետ՝ ներառեալ Իսրայէլի։ Սակայն Իսրայէլի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յարձակումները կը բացայայտեն, որ լարուածութիւնը ցարդ չէ մարած ու տակաւին ապահովական հարցեր գլուխ կը ցցեն երկրի այս անգամ հարաւային շրջանին մէջ։
Իսրայէլ, այնպէս ինչպէս այլ կողմեր, կը ձգտի Սուրիան բաժնուած տեսնել ազդեցութեան գօտիներու ու հարաւային Սուրիան՝ ներառեալ Սուէյտան, դարձնել ենթակայ իր վերահսկողութեան, տեղւոյն փոքրամասնութեան պաշտպանութեան պատրուակով։
Թուրքիա-Իսրայէլ մրցակցութիւնը եւս նկատելի է երկրի տարբեր ազդեցութեան գօտիներու վրայ։ Այդուամենայնիւ, եթէ Թուրքիա կը ջանայ պահել Սուրիոյ միասնութիւնը, իր տնտեսական ազդեցութիւնը բանեցնելով եւ ուժային կեդրոններու մէջ ներկայութիւն ըլլալով միայն, Իսրայէլ
կը փորձէ տարածքներ բռնի ուժով իր ազդեցութեան ենթակայ դարձնել՝ Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ։
Սուրիոյ Հարաւային շրջանին մէջ ծայր առած ներքին բախումները կը նպաստեն Իսրայէլին՝ շրջանի բնակչութիւնը եւ իր սահմանները պաշտպանելու պատրուակով յարձակողական քայլեր առնելու։ Իսրայէլ խաղաղութեան երաշխաւոր կը կարգէ ինքզինք, իրականութեան մէջ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու համար։ Վերջին հարուածները ցոյց կու տան, որ ան չի բաւարարուիր միայն օդային հսկողութեամբ, այլեւ կը ձգտի տարածքային ազդեցութիւնը ընդլայնել, որպէսզի բանակցութիւններու պարագային յաւելեալ քարտեր ձեռք ձգած ըլլայ։
Հակառակ անոր որ տարածաշրջանային եւ արաբական երկիրներ դատապարտեցին Իսրայէլի յարձակումները, այնուհետեւ Սուրիոյ ներքին համերաշխութիւնը առաւել ազդեցիկ գործօն կրնայ դառնալ, սանձելու՝ Իսրայէլի ախորժակը, միաժամանակ հասնելու Սուրիոյ հարաւային շրջանի խաղաղութեան, ժողովուրդի խաղաղ համակեցութեան։ Այս մէկը կարեւոր մարտահրաւէր է Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն համար.
Մէկ այլ կարեւոր ուղղութիւն է դիւանագիտական մարտահրաւէրը, նկատի ունենալով որ Սուրիա կը ջանայ յարաբերութիւններու կարգաւորման փուլ մտնել նաեւ Իսրայէլի հետ՝ առանց զիջելու իր ինքնիշխանութիւնը։