Լաթաքիոյ հիւսիսային լեռնային շրջանի անտառներուն մէջ երեք օրէ ի վեր բռնկած հրդեհը շիջանելու նպատակով՝ քաղաքացիական պաշտպանութեան ու հրշէջներու խումբերը ոգի ի բրին կ՚աշխատին` նուազեցնելու վնասները եւ կանխելու կրակին տարածումը դէպի Ֆրնլըխի անտառային շրջան ու բնակելի տարածքներ, ներառեալ Քեսապ։

Լաթաքիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան տնօրէն Ապտըլ Քաֆի Քայյալ, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ խումբերը մեծ մարտահրաւէրներու կը հանդիպին հրդեհը շիջանելու ընթացքին։ Ան աւելցուց, որ անհարթ տեղանքն ու փոփոխական քամին արգելք կը հանդիսանան հրդեհի բռնկման կեդրոնները հասնելու։ Ապա դիտել տուաւ, որ հրդեհը կը տարածուի շրջանի բուսածածկ բնոյթին եւ ջուրի աղբիւրներու հեռաւորութեան հետեւանքով։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Ռաս Պասիթի ելեկտրակայանը ծառայութենէ դուրս եկած է, որուն հետեւանքով ալ շրջանի գիւղերու ելեկտրականութիւնը անջատուած է։