Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաաի ներկայութեամբ, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութեան եւ “Ալ-Մահա” Միջազգային Ընկերութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրուեցաւ` Սուրիոյ մէջ “Պաուապէթ Տիմաշք” անուան տակ արուեստի եւ տեղեկատուական արտադրութեան քաղաք մը հիմնելու գծով։

Դամասկոսի ժողովրդային պալատէն ներս տեղի ունեցած սոյն արարողութեան ընթացքին, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար դոկտ. Համզա ալ-Մուսթաֆա ըսաւ. «Այսօր “Ալ-Մահա” Միջազգային Ընկերութեան հետ ռազմավարական ծրագիր մը մշակելու մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցինք։ Այս ծրագիրը Սուրիոյ մէջ առաջին ամբողջական ծրագիրը պիտի ըլլայ տեղեկատուական, շարժանկարային եւ զբօսաշրջային արտադրութեան քաղաք մը հիմնելու առումով»։
Ան յայտնեց, որ քաղաքը պիտի ըլլայ շուրջ 2 միլիոն մեթր քառակուսի տարածութեամբ, ընդգրկելով արտաքին արուեստանոցներ, որոնք կը համապատասխանեն արաբական եւ իսլամական քաղաքներու պատմական ճարտարապետութեան հետ, ինչպէս նաեւ ներքին արուեստանոցներ, որոնք պիտի օժտուին արդիական սփռումի սարքաւորումներով։ Ան աւելցուց, որ սոյն ծրագիրը շուրջ 4000 աշխատանքի առիթ պիտի տրամադրէ։
Իր կարգին “Ալ-Մահա” Միջազգային Ընկերութեան վարչակազմի տնօրէն Մուհամմետ ալ-Անզի ըսաւ. «Իմ եւ “Ալ-Մահա” Ընկերութեան անունով մեր ուրախութիւնն ու պատիւը կը յայտնենք Սուրիոյ վերականգնումին նպաստող նման պատմական դէպքի մը մեր մասնակից ըլլալուն առիթով։ Կը շնորհաւորեմ Սուրիոյ ժողովուրդը` Սուրիոյ ազատագրումին առիթով, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորեմ Սուրիոյ ժողովուդին վերադարձն ու մեր վերադարձը Սուրիա»։