Երեքշաբթի, 1 Յուլիսին, Հալէպի զինուորական ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ սուրիական արաբական բանակի 76-րդ բաժանումի 3000 մարտիկներու աւարտական արարողութիւնը: ՍԱՆԱ-ի համաձայն, արարողութեան ներկայ էին պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ, որոնք հաստատեցին զինուորական ղեկավարութեան աջակցութնւնը պաշտպանական համակարգի վերականգնումի եւ զարգացման գործընթացին, շեշտելով կառոյցին դերը ապահովութեան հաստատման եւ երկրի կայունութեան ամրապնդման մէջ:
«Այսօր կանգնած ենք պատմական Հալէպի՝ զինուորական ակադեմիային մէջ, որ վախի եւ յանցագործութեան խորհրդանիշէն վերածուած է հերոսութեան օրրանի եւ արի մարդակերտման դարբնոցի», ըսաւ պաշտպանութեան նախարար գնդապետ Մարհաֆ Ապու Քասրա՝ աւարտական արարողութեան ընթացքին: «Զինուորական այս շքերթը, որուն այսօր ականատես եղանք,կը մարմնաւորէ 76-րդ բաժանմունքի եւ ուսումնական վարչութեան յանձնառութիւնը շարունակելու նախապատրաստական աշխատանքները, որպէսզի մենք կարենանք սկսիլ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին արժանի բանակի վերականգնումի նոր փուլ»: