Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հրապարակեց 2025-ի «102» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիոյ պետական, քաղաքային թէ զինուորական պաշտօնէութեան ամսականներու 200% յաւելում յայտարարեց:
Հրամանագիրին մէջ ներառուած է նաեւ ընդհանուր հատուածը, որուն դրամագլուխին 50%-ով մասնակից է պետութիւնը: