Վեցերորդ օրն ըլլալով, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ իրարայաջորդ հրթիռակոծումները կը շարունակուին։
Իսրայէլ յայտնեց, որ պատերազմական իր օդանաւերը թիրախ դարձուցած են Իրանի պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանի շէնքը եւ Իրանի արեւմտեան բաժինին մէջ գտնուող ռազմական տասնեակ կեդրոններ։ ՍԱՆԱ-ի փո-խանցմամբ, քանդուած է հրթիռներու արձակման կեդրոնի մը ենթակառոյցը, ինչպէս նաեւ ինքնաթիռներու արձակման պահեստանոց մը։ Արձանագրուած են զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։ Լրատուամիջոցներ յայտնեցին նաեւ, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է Իրանի անվտանգային կառոյցները։
Իր կարգին Իրան 400 բալիստիկ հրթիռներ, հարիւրաւոր անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Թել Աւիւի եւ իսրայէլեան բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Արձանագրուած են վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ, մահացած է 24 մարդ։
18 Յունիսին, Իրան Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի Եւ Ամատի կեդրոնատեղիները հարուածած է, իսկ Իսրայէլ իրանեան բանակի սպայակոյտի նոր պետը ահաբեկած։
Իրան կոչ ուղղած է սահմանակից երկիրներուն կանխարգիլել Իսրայէլի կողմէ իրենց տարածքները օգտագործելու փորձերը իսլամական հանրապետութեան վրայ գրոհներու համար: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Իրանի սահմանապահ գերատեսչութեան ղեկավար Ահմետ Ալի Գութարզին: