Ինչպէ՞ս կարելի է գերդաստանի մը տարբեր երեք-չորս սերունդները հաւաքել մէկ, փոքր եւ ջերմ երդիքի տակ:
Դժուար է. գրեթէ անկարելի…:
Բայց կարելի է բոլորը կանչել ու ապրեցնել գրքի մը կողքերուն մէջ: Գիրք ըսածս ալ մեծածաւալ չէ. ընդամէնը 120 էջերու մէջ հաւաքուած կարճ պատմուածքներ են: Պատմուածքները արդէն գեղարուեստական ոճով գրուած կարճ պատմութիւններ են: Մարուշ Երամեանի «Մենք ու Մերոնք»-ին պատմուածքները աւելի կարճ են եւ… կենդանի:
Գիրքի ստեղծման եւ բովանդակութեան մասին հակիրճ ըսած է հեղինակը.
«Եթէ չըլլար Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի վրայ սանձազերծուած պատերազմը 2011 թուականէն սկսեալ, այսօր իմ զաւակներս եւս, որպէս 5-րդ սերունդ, պիտի շարունակէին ապրիլ Հալէպի մէջ»:
Եւ արդէն առաջին էջէն կ’իմանանք, որ թէ՛ հօրենական, թէ՛ մօրենական պապերը Հալէպ հասած են «Ջարդերէն բաւական առաջ, կայք հաստատեր, բարգաւաճեր եւ ունեցեր են իրենց դերն ու ազդեցութիւնը այդ օրերու Հալէպին վրայ»:
Հեղինակը կը շարունակէ բացատրութիւնը. «Այս գիրքը իրենց մասին է՝ պապերուս, հօրս, մօրս, որոնց երակներուն մէջէն անցաւ արեւմտահայուն արիւնը, հասաւ ինծի եւ հիմա կը հոսի զաւակներուս եւ թոռնուհիիս՝ Նովային երակներուն մէջ»:
Գիրքը ձօնուած է Գազանճեան եւ Երամեան ընտանիքներու 5-րդ սերունդին՝ հեղինակի զաւակներուն:
Յուշագրութիւնն ու պատմուածքը հիւսուելով կը պատմեն Թօփճեան եւ Գազանճեան ընտանիքներու մեծ-մեծ հայրերու, մեծ-մեծ մայրերու, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ զարմիկներու մասին: Այս պատմութիւններուն տողերուն մէջ կը գծագրուի նաեւ Հալէպի ա՛յդ ժամանակներու կեանքը:
Գիրքը երկու գլխաւոր բաժանում ունի. Թօփճեան-Գասպարեան եւ Գազանճեան-Երամեան:
Հեղինակը Թօփճեան գերդաստանի նախահայրը կը համարէ Ֆիլիփը, սերժանթ Ֆիլիփը: Ինչպէս Ցեղասպանութենէն ազատած եւ Հալէպ հասածներուն համար, երբեմն նաեւ աւելի վաղ հոն հաստատուածներուն համար դժուար է արմատները աւելի փորփրել: Ֆիլիփը իր վեց մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով: Այս գերդաստանի գրեթէ իւրաքանչիւր դէմք  ունի ուշագրաւ կենսագրութիւն եւ ծառայութիւն Հալէպի կեանքին մէջ: Քսաներորդ դարու սկիզբը Թօփճեան եղբայրները Հալէպի թաղապետութեան կապալառուներն էին՝ «իրենցն էր պատասխանատուութիւնը քաղաքին լուսաւորութեան, պողոտաներու ոռոգումին, ջուրի հայթայթումին, Սէպիլի պարտէզի սպասարկութեան, միսի հայթայթումին եւ այլն»: Այնքան ազդեցիկ էին, որ երբ Ֆիլիփի ամենափոքր տղան՝ Արմէնը (որ դաշնակցական մարտական էր) ռումբեր քակելու պահուն պայթումի մը հետեւանքով կը վիրաւորուի եւ այդ պատճառով նաեւ եղբայրները կը ձերբակալուին, քանի մը օր ետք քաղաքապետութեան վճռական միջամտութեամբ ազատ կ’արձակուին, որովհետեւ «անոնց բացակայութեամբ քաղաքին կայունութիւնը կ’անդամալուծուի»:
Այս գերդաստանի զաւակն էր հեղինակին մայրը՝ Արուսեակ Թօփճեան-Գազանճեանը: Հալէպահայութեան առաջին վկայուած դայեակը, Կիւլպէնկեան մայրանոցի ամէնէն կարկառուն դէմքը: Յիսուներկու տարիներու ծառայութեան ընթացքին ի՜նչ օրեր տեսած է ան: Միայն քանի մը դրուագ պատմած է հեղինակը իր մօր մասին: Եւ այդ պատմածները այնքա՜ն պարզ եւ հարազատ են, որ կարծէք դուք ալ Արուսեակ Թօփճեան-Գազանճեանին հետ կ’երթաք Զէյթուն Խան այս կամ այն կնկան օգնելու, աղջկայ մը հարցերը դիւրացնելու…:
Երկրորդ տոհմը Գազանճեաններն են, տիգրանակերտցի: Թօփճեաններն ու Գազանճեանները դրկիցներ եղած են, յետոյ՝ նոյն քաղաքին մէջ, հեռացած: 84-րդ էջին տեղադրուած լուսանկարը (1923) հաւանաբար հանգոյցն է այս գիրքին: Ապագայէն անտեղեակ, դրացիներով առնուած լուսանկարին մէջ են հեղինակին հայրը՝ Յովհաննէս Գազանճեանը եւ մայրը՝ Արուսեակ Թօփճեանը: Յովհաննէսը արդէն քսանհինգն անց երիտասարդ է, Արուսեակը՝ հօրեղբօրը գիրկը բազմած փոքր աղջիկ…:
Յուզիչ է կարդալ Արա եւ Լարա Երամեաններու ձօները՝ նուիրուած իրենց մեծ մօր, Արուսեակին: Անգլերէնով այս գրութիւնները եւս կը վկայեն տոհմական օղակներու ամրութեան մասին:
Բազմաթիւ են հերոսները այս գիրքի յուշ-պատմուածքներուն: Ազգականներէն իւրաքանչիւրին մասին պատմելիք յիշատակ մը ունի Մարուշը: Եւ այդ պատումներով բախտը կ’ունենայ արմատներուն հանդէպ պարտաւորութիւն մը կատարելու…:
Բարսեղ Թօփճեանին, Ամմո Արմէնին, Կասիային, Սիրունին, Նուէրին, եւ դեռ՝ Նէնէ Հայկանոյշին, Վարդուհիին ու այլոց նուիրուած էջերը ընթերցողը կը կլանեն ու մասնակից կը դարձնեն անոնց յոյզերուն եւ կեանքին:
Մարուշի պատմողական ոճը պարզ է եւ առոյգ: Արեւմտահայերէնը զուլալ է: Լեզուն կը հարստացնէ երբեմն տեղական, երբեմն ալ խօսակցական բառերով: Զգացումները գոյն կը ստանան, դէպքերը կը պատկերուին, դէմքերը կը գծագրուին եւ կը կարծես, որ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 20-րդ դար հասնող շղթայի մը օղակները մէկ առ մէկ կը զօդուին եւ կը ստեղծեն «Մենք ու Մերոնք»-ը:
Ընտանեկան այս պատմութիւններուն մէջ կայ նաեւ շատերուս սրտին հարազատ բան մը. Հալէպը:
Հալէպը իր հին կեանքով, «պարաքաթ»-ով, բաղնիքով, թաղերով, հայկական սովորութիւններով (որոնք կազմուած էին շատոնց հոն հաստատուած եւ նոր հասած գաղթականներու ձուլումով): Կարելի չէ անտարբեր կարդալ այս քաղաքը նկարագրող տողերը:
Մէկ կողմէն՝ Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն Հալէպ հաստատուած ընտանիքներու միաձուլման, միւս կողմէն՝ հեքիաթային քաղաքին հետ ձուլուելու պատմութիւն է սա.
«Հալէպ: Ուրֆայէն Հալէպ, Տիգրանակերտէն Հալէպ, Խարբերդէն Հալէպ…:
«Ինչո՞ւ Հալէպ: Ի՞նչ հմայք է ասիկա, որ հայերը քաշեր է Արեւմտահայաստանի գաւառներէն եւ գիւղերէն մինչեւ Հալէպ, Ջարդէն ու տեղահանութենէն ալ առաջ, երբ տակաւին քաղաքը գաղթականներով չէր ողողուած»:
Մարուշ կը հաւատայ, որ կայ արեան յիշողութիւն մը՝ «պատմութեան յիշողութիւն մը, որ կը մաղուի Սասնայ Ծռերու մոռցուած տողերէն եւ այս քաղաքին անունը կը դարձնէ սիրուած ու մտերիմ.
«Դաւիթ ուր զՄելիք սպաննեց,
Կըց զպաների հետ զՄելիքի հողեր,
Քաղաքնին տիրեց:
Առաչի անգամ կնաց Հալաբ տիրեց.
Շինեց Հըլաբու պերթ»:
Գիրքը տպուած է 2024-ին, Գահիրէ:
Ուշացած՝ շնորհաւորութիւններ, Մարուշ:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան