Սուրիա ողջունեց երկրի ազգային չորս դրամատուներու նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման Ճափոնի կառավարութեան որոշումը՝ աւելցնելով, որ ասիկա դրական քայլ է վերակառուցման գործընթացին համար։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ որ այս քայլը կը նպաստէ երկու երկիրներու միջև փոխադարձ յարգանքի և ընդհանուր շահերու վրայ հիմնուած աւելի ծաւալուն համագործակցութեան։

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ նշեալ՝ Արդիւնաբերական, Ժողովրդական Վարկային, Խնայողութեան և Գիւղատնտեսական գործակցային դրամատուներուն նկատմամբ պատժամիջոցները չեղարկելու Ճափոնի կառավարութեան որոշումը պիտի նպաստէ յատկապէս տնտեսական և ելեւմտային գործակցութեան ամրապնդման ու տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման`մեղմացնելով սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը: