ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ԱՄՆ իր տարածաշրջանային եւ միջազգային գործակիցներուն հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ ներդրումային շարժումը աշխուժացնելու, աւելցնելով, որ պատժամիջոցներու չեղարկման որոշումը կ’ամրապնդէ այս ուղղութիւնը:
Պրուս ըսաւ. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ձգտի Սուրիոյ խաղաղութիւնն ու Միջին Արեւելքի բարգաւաճումը ամրապնդել, հետեւաբար մենք այդ մէկուն իրականացման գլխաւոր քայլերը կ’առնենք, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ մեր գործակից կողմերուն հետ նեդրումային աշխատանքը աշխուժացնելու»: