28 Մայիսը հայ ժողովուրդի միասնական պայքարի, յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտման փառապանծ տօնն է:
28 Մայիս 1918-ին, Ղարաքիլիսայի Բաշ-Ապարանի, Սարդարապատի մէջ կենաց-մահու ճակատամարտերու յաղթական աւարտով վերականգնեցաւ հայ ժողովուրդի անկախութիւնը, որ խլուած էր շուրջ 9 դար։
28 Մայիս 1918-ին, Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ, իսկ զօր. Արամ Մանուկեանն ու մեծաթիւ զօրավարներ պայքարի դաշտէն հասան պետութեան կերտման դաշտ: Ստեղծուեցաւ ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանը՝ շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւատքին, վճռակամութեան եւ տարածաշրջանային ամենածանր պայմաններուն մէջ աննահանջ պայքարին։ Պայքար, որուն մասնակցեցան զինուորն ու հոգեւոր պետը, մտաւորականն ու պարզ ժողովուրդը՝ իրենց բոլոր կարելիութիւններով։ Պետական համակարգը կազմուեցաւ ու պետականակերտումը ընթացք առաւ։
Այսպիսով հայ ժողովուրդը իր ինքնութեան պահպանման խարիսխները ամրապնդեց ու ապրելու, արարելու, խաղաղութեան նպաստելու եւ միջազգային ընտանիքին մաս կազմելու համար իր պետականութիւնը կերտեց։
Անկախութեան ներշնչումով, բազում արհաւիրքներ ապրած հայ ազգը վերածնաւ, բարգաւաճեցաւ ու գոյատեւեց՝ իր պետականութեան կառչելով ու անոր զարգացման նպաստելով։
28 Մայիսը իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներու երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակի խոհեմ եւ վճռական կեցուածքին շնորհիւ: Հանրապետութեան կերտումը հրաշք մը չէր, այլ` գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամքի արտայայտութիւն:
Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Շնորհաւոր ըլլայ տօնդ, Հայաստա՛ն ու հա՛յ ժողովուրդ։