Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2025-ին,ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան ջերմապէս ընդունեցին “together” հաստատութեան անձնակազմը։
Ապա երկխօսութեան ընթացքին “together” Հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Յակոբ Յակոբեան ծանօթացուց հաստատութեան Սուրիոյ մէջ գործունէութիւնը, որուն նպատակն է զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ քրիստոնեայ զանազան համայնքներուն եւ յատկապէս` հալէպահայութեան։
ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան բարձր գնահատեց “together” հաստատութեան գործունէութիւնը եւ քաջալերեց ապագայ ծրագիրները։
Աւարտին, “together” հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչը յուշանուէր մը փոխանցեց մեծարգոյ հիւպատոսին։
Իր կարգին, գլխաւոր հիւպատոսը
բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց հաստատութեան, յոյս յայտնելով յառաջիկային աւելի սերտ համագործութեամբ, միասնաբար յաջողցնել զանազան ծրագիրներ: