Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) մամուլի խօսնակ Անի Պատալեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէն հերթականօրէն հնչած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ խօսոյթին:

ԱԳՆ մամուլի խօսնակը թեմային անդրադարձած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին։

Հարցում- Երէկ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին հնչած է Ատրպէյճանի նախագահի ուղերձը, ուր կրկին շեշտուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթը: Ինչպէ՞ս արձագանգեցիք։

Պատասխան- «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին «Արեւմտեան Ատրպէյճան» չկայ. արեւտեան Ատրպէյճանը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններն են»:

Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը նախապէս բազմիցս արձագանգած է Ատրպէյճանի այս խօսոյթին՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական կողմի նման յայտարարութիւնները կը դիտուին որպէս տարածքային պահանջ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։