Թէեւ փոքր, բայց այնքա՜ն հարուստ եւ գեղեցիկ, որ կարելի չէր լռել անոր մասին:
Այս հաւաքածոն քանի մը բաժիններ ունի՝ լուսանկարներ, հայոց պատմութեան քանի մը դէմքերուն նուիրուած բացիկներ եւ բացիկներ, որոնց վրայ խմբուած են կարեւոր դէմքերը մեր նոր շրջանի պատմութեան, ըստ իրենց ասպարէզին եւ կոչումին:
Այս վերջին հաւաքածոյին մասին է որ կ’ուզենք խօսիլ այսօր:
Ընդամէնը թիւով ինը բացիկներ են: Եղա՞ծ են այլ օրինակներ, յստակ չենք գիտեր: Թերեւս:
Բոլորին տակը գրուած կը տեսնենք
«Editeur: K. Kapamadjian, Roustcgouk (Bulgarie)
Խմբագիր՝ Գ. Գաբամաճեան, Ռուսչուք (Պուլկարիա)»:
Գէորգ Գաբամաճեան եղած է պոլսահայ գեղանկարիչ մը, ծնած Պոլիս 1880 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացեր է թաղի վարժարանին մէջ, ապա հետեւելով իր նախասիրութեան, ուսաներ է Պոլսոյ Գեղարուեստի կայսերական ուսումնարանէն ներս:
Շրջան մը Փարիզ ապրելէ եւ իր արուեստը կատարելագործելէ ետք, վերադարձեր է Պոլիս եւ նուիրուեր ստեղծագործութեան:
Համիտեան բռնակալութիւնը ստիպեր է զինք աշխատիլ լուսանկարիչի մը քով:
Կաշկանդումները, ստեղծագործելու անկարող վիճակը զինք յուսահատութեան կը մատնեն այնքան, որ անձնասպանութիւն կը գործէ, ինքզինք հորի մէջ նետելով, 1906 թուականին, միայն 26 տարեկանին:
Իրմէ կը մնան դիմանկարներ եւ Պոլսէն ու Փարիզէն առնուած բնանկարներ, որոնցմէ մէկ քանին կը պահուին Փարիզի Հայոց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
Այս սեղմ տեղեկութիւնները գտանք Գառնիկ Ստեփանեանի «Կենսագրական Բառարան»-ին մէջ (1973): Ոչ մէկ խօսք սակայն այս բացիկներուն մասին, որոնց վրայ երեւցող կարգ մը դէմքերուն միակ աղբիւրն են անոնք, եւ անոնցմէ է որ առնուած են աւելի ուշ երեւցած դիմանկարները, ինչպէս Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի դիմանկարը:
Բացիկներուն ետեւի կողմը տարբեր լեզուներով գրուած է  Carte postale, Union postale universelle.
Իսկ թէ այս դիմանկարներուն աղբիւրը ո՞ւր է. արդեօ՞ք Գէորգ Գաբամաճեան ինք լուսանկարած կամ գծած է զանոնք. յստակ չէ:
Այս ինը բացիկները կը ներկայացնեն.
-Կաթողիկոսներ եւ պատրիարքներ
-Մատենագիրներ
-Զօրավարներ եւ պետական անձեր
-Յեղափոխականներ
-Հասարակական գործիչներ
-Գրական մշակներ
-Բանաստեղծներ
-Արուեստագէտներ եւ գիտուններ
-Բարերարներ
Իւրաքանչիւր բացիկ տարբեր շրջանակով մը, գեղեցկօրէն գծանկարուած: Անշուշտ սեւ-ճերմակ են այս բացիկները, բայց իրապէ՛ս ճաշակաւոր կերպով իրագործուած, 1900-1906-ի միջեւ:
Բացիկներու մշակոյթը դուրսէն մեզի եկած է:
Աշխարհի լեզուներուն կարեւոր թիւի մը մէջ փոսթ-քարտ կը կոչուին այս քառանկիւն խաւաքարտի վրայ նկարուած պատկերները, որոնք առանց պահարանի ղրկուելու համար պատրաստուած են: Հայերէնով անոնք կարգ մը բացիկներու ետին գրուեր են՝ «Փօսթաքարտ», ինչպէս կը գտնենք ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան բացիկին վրայ, կամ՝ «Բաց-նամակ», Գնունի-Մարիմի բոլոր բացիկներուն ետեւը, կամ պարզապէս՝ քարտ: Բայց անոնց հայերէն աւելի նոր թարգմանութիւնը՝ բացիկ, շատ դիպուկ կերպով կ’արտայայտէ անոնց անպահարան ըլլալու իրողութիւնը:
1848-ին ստեղծուեր է բացիկը, իսկ 1861-ին, երբ բացիկ մը ղրկելը աւելի աժան էր, քան՝ նամակ մը, սկսեր է արդէն բացիկներու զանգուածային արտադրութիւնը:
Ձեռքով պատրաստուած ամենահին բացիկը աճուրդով ծախուեր է 2002 թուականին, 31,750 անգլիական սթերլինի:
Բացիկներու ուսումնասիրութիւնն ու հաւաքածոյ կազմելը կը կոչուին տելթիոլոճի deltiology (յունարէն deltion = գրելու փոքր տախտակ, եւ -logy = ուսումնասիրութիւն բառերէն):
Բացիկներու ոսկեդարը 1890-1915-ի շրջանը կը համարուի: Այդ շրջանէն կու գայ 14 բացիկներու շարք մը, որ մեզի համար խիստ հետաքրքրական է:
1137 թուականին հիմնուած Էկէպէլ վանքի վանականները (Փրովանսի շրջան, Ֆրանսա) 1868 թուականին կը հիմնեն շոքոլայի գործարան մը, որ աւելի ուշ իր ճիւղերը կ’ունենայ Ալճերիոյ եւ Մարոքի մէջ:
1942 թուականին Մարոքի մէջ կը հիմնուի «Էկէպէլ Մարոք» («Chocolaterie d’Aiguebelle») շոքոլայի գործարանը, որ յետոյ կը վերանուանուի Sherifian Company of Chocolate Factory եւ կը դադրի վանականներուն սեփականութիւնը ըլլալէ:
19-րդ դարու վերջերուն ընկերութիւնը, շուկայական նկատումներով անշուշտ, կը սկսի շոքոլայի տուփերուն հետ դնել բացիկներ, որոնք կրնան հաւաքածոներ դառնալ, երբ շարքերը ամբողջանան:
Քանի մը տասնամեակ ետք բացիկները, որոնք նուիրուած էին ընդհանրապէս հռչակաւոր մարդոց դիմանկարներուն, կենդանիներու կամ այլ հետաքրքրական երեւոյթներու, մեծ ցնցում կը յառաջացնեն ժողովուրդին մօտ, որովհետեւ 1899 թուականին ընկերութիւնը կը սկսի հրատարակել բացիկներու նոր հաւաքածոյ մը, «Հայկական Կոտորածներ» խորագրով, նկարագրելով 1895-1896 թուականներուն Օսմանեան պետութեան կողմէ հայերուն դէմ իրագործուած Համիտեան ջարդերը: Բացիկները կը նկարագրէին ոչ միայն հայերուն, այլ ընդհանրապէս բոլոր քրիստոնեաներուն դէմ կատարուող կոտորածները: Շարքը կը բաղկանայ 14 բացիկներէ, իւրաքանչիւրին վրայ բացատրութիւն մը՝ սպաննութիւններ թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ, ծովը թափուող մարմիններ կամ որպէս գերի վաճառուող մարդիկ:
Այս բացիկները կը ներկայացնեն Տրապիզոնի, Մալաթիոյ, Արաբկիրի եւ Կիւրինի 1895-ի ջարդերն ու Կոստանդնուպոլսոյ 1896-ի ջարդը:
Այդ թուականին բացիկներու այս շարքը World Exhibition in Paris-ի մեծագոյն մրցանակը ապահոված է գործարանին, որովհետեւ աշխարհին ներկայացուցած է բացայայտ ջարդ մը, զոր պետութիւնները կ’անտեսէին՝ քաղաքական նկատառումներով:
Այս բացիկներու շարքէն օրինակ մը կը պահուի Երեւանի Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ:
Վերադառնալով Գէորգ Գաբամաճեանի բացիկներուն, ըսենք, որ անոնք կը գտնուին եգիպտահայ մտաւորական Տիգրան Գէորգեանի թողօնին մէջ, եւ կարեւոր հարստութիւն մը կը ներկայացնեն «Վ. Ճիզմէճեան» արխիւատան համար:
Մարուշ Երամեան