Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ողջունեց Եւրոպական Միութեան Ասատի նախագահութեան օրերուն Սուրիոյ դէմ սահմանած պատժամիջոցներու չեղարկման պատմական որոշումը:
Նախարարութիւնը «telegram»-ի վրայ հրապարակած հաղորդագրութեամբ ըսաւ. «Այս որոշումը անկիւնադարձային է եւ նոր սկիզբ՝ սուրիական-եւրոպական յարաբերութեան մէջ», եզրափակեց նախարարութիւնը, հաստատելով, որ Եւրոպական Միութեան այս որոշումը կը համընկնի Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանման օրէնքին ու կը ցոլացնէ Եւրոպական Միութեան օրինական եւ դիւանագիտական պարտաւորութիւնը՝ Սուրիան դէպի կայուն եւ խաղաղ ապագայ ուղղելու, ապահովելով անոր ժողովուրդին մարդկային իրաւունքերը եւ վերաշխուժացնելով տնտեսական կեանքն ու միջազգային գործակցութիւնը: