Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 20 Մայիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Նախարարները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ գործընկերութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ օրակարգեր։ Ի շարունակութիւն նախորդ շաբաթ Տիրանայի երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած քննարկումին՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ժան-Նոէլ Պարոն միտքեր փոխանակած են գործընկերութեան խորացման քայլերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուած է բազմակողմ հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի շրջանակներու հետ գործակցութեան: