Համազգային հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատի համագործակցութեամբ 15 Հոկտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցած էր «Յովհաննէս Քաջազնունին՝ ճարտարապետ» խորագիրով գիտաժողովը, որ նպատակ ունէր ներկայացնելու Յովհ. Քաջազնունիի ճարտարապետական ժառանգութիւնը եւ անոր դերն ու նշանակութիւնը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։

16 Մայիսին, Ճարտարապետութեան եւ Շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածոյի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին Հայաստանի ճարտարապետութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան ոլորտի մասնագէտներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէն ներկայ էին ընկերներ՝ Արտաշէս Շահպազեան (Հայաստան), Արա Գէորգեան (Լիբանան) եւ Տիգրան Պապիկեան (ԱՄՆ)։

Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ողջունեցին եւ կարեւոր համարեցին օրուան նիւթը եւ գիրքի ծնունդը` որպէս մեծ հայուն մշակոյթի ճանապարհով նորովի ճանչնալու եւ բացայայտելու կարելիութիւն։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի կողմէն ողջոյնի խօսք ըսաւ եւ ձեռնարկը վարեց Ռուզան Առաքելեան։ Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ սերունդը պէտք է ճանչնայ ոչ միայն Քաջազնունի ազգային գործիչը, այլեւ` արուեստի մարդը։ Մարդ, որ իր ապրած կեանքով հայրենի երկրի հանդէպ նուիրումի ու հայրենասիրութեան վառ խորհրդանիշ է։

Ներկաները առիթ ունեցան իրենց սրտի խօսքը ուղղելու գիրքի լոյս ընծայման առիթով` կարեւոր համարելով Համազգայինի կատարած նշանակալից աշխատանքը։

 

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակ