Նկատի առնելով նախորդ յօդուածիս առթած հետաքրքրութիւնը, կ’անդրադառնամ այլ մոռցուած անունի մը:
1899 թուականին Պոսթոնի մէջ հիմնուած «Հայրենիք»-ը (նախ շաբաթաթերթ, ապա օրաթերթ) 1922-ի Նոյեմբերին կը վերսկսի լոյս տեսնել որպէս ամսագիր, նպատակ ունենալով հայ ոգին վառ պահել սերունդին մէջ:
Հանդէսը մինչեւ 1970 թուականը կանոնաւոր կերպով լոյս տեսած է (վերջին երկու տարիներուն՝  եռամսեայ): Իր բազմաթիւ հատորները կը մնան չպեղուած հանք մը, գրական, ազգային եւ հասարակական նիւթերու հարուստ շտեմարան մը:
Այս հատորներուն մէջ մոռցուած կը սպասեն անունները տասնեակ մը գրագիտուհիներու, որոնք տարբեր տարիներու երեւցած են չափածոյ կամ արձակ գործերով: Այս անուններէն մէկ քանին մնայուն կերպով աշխատակցած են «Հայրենիք»-ին, ուրիշներ հազիւ քանի մը անգամներ երեւցած՝ անհետ կորսուած:
Բազմաթիւ քերթուածներով հանդէս եկած են Նուարդ, Պերճուհի, Արմենուհի Տիգրանեան-Ահարոնեան, Նուարդ Տէր Միքայէլեան, այդ շրջանին մեծ տարածում գտած արձակ բանաստեղծութիւններ ստորագրած են ԼԱՍ, Մաննիկ Պէրպէրեան, իսկ արձակ գրութիւններ ունին Էլիզ Մէհտէրեան, Պերճուհի, Մաննիկ Պէրպէրեան, Սեզա, Էլլէն Բիւզանդ: Նուազ յաճախականութեամբ կ’երեւին անունները Մարի Գալայճեանի, Աստղիկի, Արուս Սիւնիի, օր. Պայծառի, Արաքս Աղաջանեանի, Անժէլ Քեհեաեանի, Անահիտ Նուրեանի, Զապէլ Կարապետեանի, Հեղինէ Դաւթեանի, Զապէլ Պօյաճեանի, Սիրվարդի, Աննիկի եւ այլոց:
Թերթելով «Հայրենիք»-ի էջերը, կը մղուինք պրպտելու հոն երեւցած գրագիտուհիներուն կեանքն ու ճակատագիրը, եւ փնտռելու պատճառները անոնց մոռցուած ըլլալու իրողութեան. տաղանդի պակա՞սը, թէ՞ այլ ազդակներ դեր ունեցած են այնտեղ:
Վիպագրութեան, պատմուածքի, չափածոյի եւ արձակ բանաստեղծութեան բաժիններուն մէջ կը հանդիպինք քսանմէկ անուններու. քանի մը ծածկանուններ կան ինչպէս՝ Սիրէն, Սէվարդ, օր. Պայծառ, ԼԱՍ, Արուս Սիւնի, Սեզա, Էտնա: Կան անուններ, որոնք առանց մականունի յիշուած են ինչպէս՝ Պերճուհի, Աստղիկ, Նուարդ, Վարդուհի:
Քանի մը հաւատարիմ աշխատակիցներու կողքին եղած են նաեւ անուններ, որոնք միայն մէկ տարուան ընթացքին հազիւ քանի մը անգամներ երեւցած են «Հայրենիք»-ի էջերուն՝  Վարդուհի Քալանթար (1923), Անժէլ Քեհեաեան (1923), Էտնա (1924), Մարի Գալայճեան (1924),  Սիրէն (1927), օր. Պայծառ (1927), Վարդուհի (1927), Սէվարդ (1930):
Այս ցանկէն քանի մը անուններ կ’անջատուին որպէս իրենց շնորհը արժեւորած եւ իրենց ժամանակին մէջ փայլած գրագիտուհիներ, ինչպէս են՝ ԼԱՍը (Լուիզա Ասլանեան), Սեզան (Սիրան Զարիֆեան), նուազ չափով Մաննիկ Պէրպէրեանը եւ Պերճուհի Բարսեղեանը:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (1889-1940)
Պերճուհի Բարսեղեան, որ երբեմն օգտագործեր է Էտնա ծածկանունը, կինն է նահատակ գրագէտ Սարգիս Բարսեղեանի: Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի երեք կիներէն մէկը՝ Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան (Արամ Մանուկեանի կինը), Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան եւ Վարվառէ Սահակեան (Վարյա, Աւետիք Սահակեանի կինը):
Պերճուհի Պարտիզպանեան ծնած է Ատրիանուպոլիս 1889-ին: Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները անցեր են Պուլկարիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ: Յաճախած է Ֆիլիպէի ազգային եւ ֆրանսական մայրապետներուն դպրոցը: Աշակերտած է նաեւ տէր եւ տիկին Ռոստոմ Զօրեանին, ստանալով միջնակարգ դպրոցի հաւասար կրթութիւն: Ժընեւի մէջ գրականութեան եւ մանկավարժութեան հետեւած է, ստանալով համապատասխան վկայական: Վանի եւ Կիրասոնի մէջ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է ամուսինին՝  Սարգիս Բարսեղեանի տեսչութեան օրով, որուն նահատակութենէն վերջ, 1915-ին անցած է Պուլկարիա եւ անկէ Թիֆլիս, ուր Յովնանեան եւ Գայեանեան վարժարաններուն մէջ ֆրանսերէն դասախօսած է: Հայաստանի հանրապետութեան օրով ընտրուած է խորհրդարանի անդամ: 1934-էն մինչեւ իր մահը Ֆրանսա ապրած է:
1909-ին ամուսնացած է Սարգիս Բարսեղեանին հետ:
1932-ին լոյս ընծայած է պատմուածքներու հատոր մը՝ «Փոթորիկէն Վերջ» խորագրով: «Կեանքի Եզերքին» պատմուածքը ամերիկուհի գրող Քարլոթա Քէթի կողմէ ֆրանսերէնէ անգլերէնի թարգմանուած է եւ տպուած՝  London Mercury-ի մէջ: «Արփիկը» եւ «Օղակ մը Շղթայէս» պատմուածքները, որոնք տպուած էին անգլերէն լեզուով խմբագրուած «Հայրենիք»-ի մէջ, մրցանակի արժանացած են անգլիացի քննադատ եւ «Տարուան Ամենալաւ Պատմուածքներ»ու հրատարակիչ Օ Պրիէնի կողմէ:
Տիկ. Պերճուհի Բարսեղեան որպէս բանաստե՛ղծ ճանչցուած է «Հայրենիք»-ի էջերուն, արձակով երեւելէ առաջ: Մեզ կը հետաքրքրեն սակայն իր արձակ գործերը, մասնաւորաբար՝  «Կեանքի Եզերքին» պատմուածքը, որ երեւցած է «Հայրենիք» ամսագրին Թ. տարուան թիւ 6-ին մէջ (Ապրիլ 1931, էջ 1): Այստեղ ի յայտ կու գայ Պ. Բարսեղեան արձակագրին ամբողջ շնորհը, որ պատմուածքին կու տայ յատկանշական տեղ, իր մնացեալ արձակ գործերուն մէջ:
1923-ի առաջին թիւերէն մինչեւ 1928-ի Հոկտեմբեր Պերճուհի (որ միայն անունով կ’երեւէր) միայն քերթուածներ կը ստորագրէ «Հայրենիք»-ի էջերուն: 1928-ի Հոկտեմբերին կ’երեւի իր առաջին պատմուածքը՝  «Վերջին Կայծեր»-ը, որմէ ետք քիչ քերթուած եւ շատ պատմուածք կը հրատարակէ Պ. Բարսեղեան:
1932-ին այս պատմուածքները հատորով մը կը հրատարակուին Փարիզ, «Փոթորիկէն Վերջ» խորագրով:
Այս գիրքը սակայն մեծ ընդունելութիւն չի գտներ. գրախօսութեան մը մէջ կը յիշատակուին Պ. Բարսեղեանի թերութիւնները, եւ գրախօսը՝ Ա. Դ. միայն ափսոսանք կը յայտնէ անոնց առիթով:
«Հայրենիք»-ի մէջ երեւցած պատմուածքներէն կ’առանձնանայ մէկը՝  «Կեանքի Եզերքին»-ը («Հայրենիք», Թ. տարի, թիւ 6, Ապրիլ 1931, էջ 1-12): Այս գրութիւնը չի յարգեր դասական պատմուածքի մը պայմանները, մանաւանդ հանգոյց-լուծումի հանգրուաններուն: Մեծ դէպքեր չկան այնտեղ: Չորս կերպարներ միայն, որոնք առօրեայի միօրինակութեան եւ առանձնութեան մէջ կը հանդիպին եւ իրարու կը կառչին:
Գրութիւնը ուշագրաւ է հոգեկան խորացումներով, կացութիւններու ճշգրիտ եւ դիպուկ բանաձեւումով եւ կերպարներով, որոնք իրենց մէջ երբեմն ամբողջ դասակարգ մը կը խտացնեն:
Այս դասակարգը ընդհանրապէս «մինակ»-ներէ կը բաղկանայ, մեծ մասը այրի կիներ եւ ամուրի ու տարիքոտ աղջիկներ, որոնցմէ առաջինները եթէ զաւակի մը մխիթարութիւնը ունին, միւսները կենդանիներ պահելով կը մխիթարուին, անոնց վրայ հեղելով կռնծած, անգործածելի դարձած գուրգուրանք մը:
Այս կիները թէեւ անծանօթ, մտերիմ են իրարու, մանաւանդ՝  անկեղծ, որովհետեւ օտարութիւնը զիրենք լաւապէս կը
զրահէ մտերմութեան բոլոր թոյներուն՝  նախանձին, դաւին եւ անհանդուրժողութեան դէմ:
Պատմուածքին դէպքերը տեղի կ’ունենան արուարձանէն քաղաք գացող շոգեկառքի մը մէջ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին: Այս կարճ ժամանակը ամէն օր կը կրկնուի, ինչպէս կը կրկնուին այս «կեանքին եզերքը շպրտուած»ներուն օրերը, նուազագոյն փոփոխութեան մը յոյսէն ամբողջովին զրկուած:
Շոգեկառքը ինքնին շատ խորհրդանշական է այստեղ՝  փոքր եւ փակ տարածք մը, այնքան փոքր եւ այնքան փակ, որքան այս կիներուն կեանքը, յաւերժականօրէն անկայուն:
Փոփոխութիւն ունենալու անյուսութեան իրենք եւս կը գիտակցին եւ կը հետապնդեն զայն, փոփոխութիւնը, ամէն օր այլ ճամբորդներ չափչփելով եւ կշտամբելով. կռիւի պէս ժխտական դէպք մը նոյնիսկ կրնայ զիրենք եռանդով լեցնել.
«Կռիւը կը տեւէր մինչեւ քաղաք հասնիլը մեզ կարմրցնելով, յուզելով, բայց միեւնոյն ժամանակ ոգեւորելով»:
Առանձնութիւնը այնպիսի ահաւոր բան մըն է այս դասակարգին համար, որ հիւանդութիւնը նոյնիսկ կրնայ մտերիմ, սիրելի, բարեկամ դառնալ.
«Խնդրին անծանօթ մէկը եթէ լսէր, անկասկած պիտի կարծէր, որ լեարդը անձ մըն էր, այդ տարիքոտ աղջկան սիրելին կամ մտերիմը: Փրկուած էր: Լեարդը իր մինակութեան ընկերն էր»:
Գրութեան հանգոյցը կը կազմէ «իրենցմէ» չեղող տարիքոտ օրիորդ մը, որուն կեանքը կը հակադրուի կեանքին եզերքը շպրտուածներուն կեանքին, բայց որ վերջաւորութեան, օրերուն հեգնանքով ստիպուած կ’ըլլայ անցնիլ «այն» կողմ եւ դառնալ «իրենցմէ» մէկը:
Պերճուհի դիտելու սուր կարողութեամբ յառաջ կը տանի իր նկարագրութիւնները, որոնք լեղի երգիծանք մը կ’ունենան մանաւանդ երբ կ’անդրադառնան ամուրի տարիքոտ աղջիկներու եւ կը նկարագրեն անոնց վերաբերմունքը «միւսներուն»՝ ամուսնացած կամ ապօրինի յարաբերութեան մէջ եղող զոյգերուն հանդէպ: Բիրտ անկեղծութիւնը կը սրէ այս հատուածները:
Այս պատմուածքին գլխաւոր հերոսը… համակերպումն է, գութ եւ բարկութիւն շարժող համակերպումը կերպարներուն:
Այս գրութեան մէջ կը հանդիպինք այնպիսի խիտ եւ դիպուկ խօսքերու, որոնք թեւաւոր խօսքերու պէս կը գամուին ընթերցողին յիշողութեան.
«Աղքատութիւնը միշտ հաշուետու կը կարծէ ինքզինք»:
«Հարազատներն են, որ կը ճանչնան վէրքին տեղը եւ զայն ցաւցնելու ճիշդ կերպը»:
«Մարդիկ սուտ կը խօսին միայն անոնց, որոնց ճշմարտութիւնը ըսել կը պարտին»:
«Կիներէն քիչեր ծերանալ գիտեն»:
«Ողբերգական է տեսնել կիներ, որոնք հրապուրելու շնորհը կորսնցուցած, ձեւերը կը պահեն»:
«Երախտիքը ծանր բեռ մըն է մարդկանց ուսերուն համար: Այդ է պատճառը, որ չարիք ընողին յաճախ կը ներենք, բայց բարիք ընողին՝  երբեք»:
Պերճուհիի «Կեանքի Եզերքին» պատմուածքը իր կերպարներուն, հարազատութեան եւ խորունկ մարդկայնութեան շնորհիւ կը հասնի համամարդկայինին եւ կը խտացնէ ողբերգութիւն մը, որ բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր ազգերուն յատուկ է:
Մարուշ Երամեան