Միջդպրոցական աւանդական դարձած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը Ապրիլ ամսուան ընթացքին կազմակերպեց «Ճիշդ Հնչենք» հեգելու եւ «Հայ Ասպետներ» խորագիրով երկու միջդպրոցական զարգացման մրցոյթները:
Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2025-ի յետմիջօրէին ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ճիշդ Հնչենք» միջդպոցական հեգելու մրցոյթը:
Մրցոյթը տեղի ունեցաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի, Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի, Մխիթարեան վարժարանի, Կիլիկեան վարժարանի եւ Զուարթնոց վարժարանի չորրորդ , հինգերրորդ եւ վեցերրորդ կարգերու աշակերտութեան միջեւ։ Իւրաքանչիւր վարժարանէ երեք ներկայացուցիչ աշակերտներ մասնակցեցան:
Մրցոյթին, որպէս դատական կազմի անդամներ հրաւիրուած էինˋ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան, Երան Զէյթունցեան եւ Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան:
Բացման խօսք արտասանեց Գրական Յանձնախումբի ատենապետուհի Սոնա Չալօղլեան։ Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգի գոյատեւման ու պահպանման մէջ հիմնական դեր ունի հայոց լեզուն, որուն ներկայիս կը սպառնայ օտար լեզուներու ազդեցութիւնը, հետեւաբար նման մրցոյթներ անհրաժեշտ են աշակերտներուն մօտ հայերէնի հանդէպ սէրը արմատացնելու համար:
Օրուան բեմավարˋ Գրական Յանձնախումբի անդամ Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան բացատրեց մրցոյթին ձեւն ու կանոնները , ապա սկիզբ առաւ առաջին փուլը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք էր ճիշդ ուղղագրութեամբ, ճիշդ հնչիւնով ներկայացնէր դատական կազմին կողմէն առաջարկուած տասը բառ:
Լաւապէս պատրաստուած աշակերտները խանդավառութեամբ եւ հմտութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Երկրորդ փուլին ճիշդ հնչիւնին եւ ուղղագրութեան կողքին նկատի առնուած էր արագութիւնը: Աշակերտները բացառիկ ներկայացում ունեցան, անոնցմէ իւրաքանչիւրը հեգեց համեմատաբար դժուար բառեր: Երկրորդ փուլի աւարտին հաւասար նիշեր ապահովեցին Ազգ. Միացեալ վարժարանն ու Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր.վարժարանը: Դատական կազմը յարմար նկատեց երրորդ փուլի անցնիլը, որուն աւարտին արդիւնքները շատ մօտ էին:
Վարչութեան խօսքը ուղղեց Գրական Յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Նանար Պապեան-Քիլէճեան: Ան շեշտեց, որ մրցոյթին նպատակն է խրախուսել հայերէնի ճիշդ օգտագործումը, մեր այբուբենի գեղեցիկ հնչիւններուն եւ ուղղագրութեան կիրարկումը կատարելագործել, աշակերտները հրաւիրելով իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու: Ան վարչութեան անունով բարձր գնահատեց մասնակից հինգ վարժարանները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէններուն, հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն իրենց համագործակցութեան համար:
Վարչութեան ատենապետ Անի Գալտնեան շնորհաւորեց եւ պարգեւատրեց երեք յաղթական վարժարանները. առաջին հանդիսացան Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան կեդր.վարժարանի մասնակցողները, երկրորդˋ Ազգ. Միացեալ վարժարանի մասնակցողները, երրորդˋ Մխիթարեան վարժարանի մասնակցողները:
Իսկ Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ի յետմիջօրէին յանձնախումբը կազմակերպեց «Հայ Ասպետներ» խորագիրով ընդհանուր զարգացման մրցոյթը ԱՄԺ Տան Լ.Շանթ սրահէն ներս:
Սոյն մրցոյթը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:
Մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ միջնակարգ ճեմարաններէն Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան կեդր.վարժարանի, Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան վարժարանի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եօթերորդ եւ ութերորդ կարգերու ընտրեալ 12 ներկայացուցիչ աշակերտներ: Ներկայ էին նաեւ վարժարաններու տնօրէններ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ քաջեալեր հանդիսականներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Գրական Յանձնախումբի անդամ Աննա Մաթոսեան, որ անդրադարձաւ մշակութային արժէքներուն ու ըսաւ. «Հայ գիրերու գիւտով հայ մշակոյթի հիմը դրուեցաւ 5-րդ դարէն սկսեալ: Հայ ուսանողութեան պարտաւորութիւնն է գուրգուրալ մեր մշակոյթին ու թարմացնել զայն, որովհետեւ մշակոյթը ազգին հպարտութեան աղբիւրն է, ինքնութեան դրոշմը: Այս մրցոյթը թող առիթ ըլլայ, որ իւրաքանչիւր հայ ուսանող մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ նպաստել հայ մշակոյթի զարգացման եւ հայերէնի պահպանման»:
Իր խօսքի աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ մրցոյթին նպատակն էˋ ծանօթացնել հայոց պատմութիւնը, հայ մշակութային գործիչները, աշխարհահռչակ անձնաւորութիւնները եւ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը:
Օրուան բեմավար, Գրական Յանձնախումբի անդամ Մարիա Պոտիկեան ներկայացուց դատական կազմի անդամները՝ մեթր. Մարիա Գաբրիէլեանի, Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեանի եւ Սոնա Ղազարեանի կենսագրական տուեալները, ապա նշելէ ետք երեք վարժարաններուն մասնակցող աշակերտներուն անունները մրցումը ընթացք առաւ եւ յայտարարուիլ սկսան հարցումները:
Մրցոյթը բաղկացած էր երկու փուլէ:
Առաջին փուլին իւրաքանչիւր դպրոցի 5 հարցում ուղղուեցաւ:
Հարցումները ներկայացուեցան համակարգչային օգտագործումով, ցուցադրուած սրահի կեդրոնը տեղ գտած պաստառին վրայ:
Առաջին փուլէն ետք իւրաքանչիւր վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներն ու տնօրէնուհիները մրցոյթի նպատակին առնչութեամբ իրենց տպաւորութիւնները յայտնեցին:
Մրցումը կ՚ընթանար հեզասահօրէն, ամենայն լրջութեամբ: Մասնակցող աշակերտները, գիտիլիքներով զինուած ճիշդ պատասխանելու եւ առաջնակարգ դառնալու ազնիւ նախանձախնդրութեամբ կը մրցակցէին իրար հետ:
Ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել համարձակ եւ ինքնավստահ աշակերտներ:
Թէեւ հարցումները ծաւալուն էին, այնուամենայնիւ երեք վարժարաններու արդիւքներն ալ գրեթէ համահաւասար էին:
Երկրորդ փուլը ընթացաւ նոյն ձեւով:
Ջնջին տարբերութեամբ ամէնէն բարձր գումար հաւաքեցին Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան կեդր.վարժարանի աշակերտները:
Առաջին Ասպետ տիտղոսին արժանացաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտուհի Սիրուն Աւետիքեան, որուն արտայայտչաձեւերը, համարձակութիւնը եւ գիտելիքներու տպաւորիչ ներկայացումը գնահատուեցան դատական կազմին կողմէ:
Մրցումի աւարտին խօսք առաւ «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անի Գալտնեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէններուն, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն իրենց համագործակցութեան համար, դատական կազմին եւ Գրական Յանձնախումբին:
Ապա աւելցուց. «Անզուգական այս պահուն, ձեր մասնակցութեամբ ներկայացուցիք հայ ուսանողին առողջ միտքն ու հայերէնի գնահատելի իմացութիւնը: Սիրելի՛ աշակերտներ, թող ձեր կեանքի ուղին ըլլայ միշտ հեզասահ, ըլլաք աննկուն եւ անսասան կեանքի դժուարութիւններուն դէմ եւ ամէնաէականը կառչած մնաք ձեր ազգային պատկանելութեան ու չմոռնաք ձեր սիրելի վարժարանները»:
Ապա ներկաները հրաւիրեց ծափողջոյններով գնահատելու աշակերտները:
Գալտնեան շնորհաւորեց եւ պարգեւատրեց յաղթական երեք վարժարանները՝ Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան կեդր.վարժարանը, որ գրաւեց առաջին դիրքը, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանըˋ երկրորդ դիրքը, Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան վարժարանը՝ երրորդ դիրքը:
Մրցոյթին մասնակցող բոլոր աշակերտներուն առ ի քաջալերանք բաշխուեցան «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի կողմէ տրամադրուած յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ մէկական գրքոյկ (Լուսնակ հրատարակութեան «Անահիտ» խորագիրով գիրքը) նուիրուած Մեթր. Մարիա Գաբրիէլեանի կողմէ:
Համազգայինի վերոյիշեալ ձեռնարկները հայապահպանումի իր առաքելութեան խօսուն վկաները հանդիսացան:
Սոնա Ճարպիկեան