Սուրիական Նախագահութիւնը “Telegram”-ի իր պաշտօնական էջին վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ըսելով. «Սուրիական Նախագահութիւնը խստիւ կը դատապարտէ, երէկ Իսրայէլի կողմէ Նախագահական Պալատի հրթիռակոծումը, որ ռազմական վտանգաւոր մագլցում կը համարուի պետութեան գերիշխանութեան եւ հաստատութիւններուն դէմ»։
Նախագահութիւնը շեշտեց, որ այս յարձակումը կը վկայէ երկրին խաղաղութիւնը քայքայող փորձերու շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական տագնապներ կը ստեղծէ, թիրախ դարձնելով ազգային ապահովութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնը։

Նախագահութիւնը հաստատեց, որ Սուրիա ջանք պիտի չխնայէ իր ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու, ապա կոչ ուղղեց միջազգային ընկերութեան եւ արաբական երկիրներուն Սուրիոյ կողքին կանգնելու եւ դէմ դնելու նման յարձակումներու, որոնք օրէնքներն ու միջազգային պայմանագրերը կը խախտեն։

Նախագահութիւնը կոչ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ զօրակցելու գծով միակարծիք ըլլալու, իսկ սուրիական ընկերութեան տարբեր մասնիկներուն՝ բանակցութիւններով եւ գործակցութեամբ հարցերը լուծելու։

Եզրափակեղով նախագահութիւնը շեշտեց, որ Սուրիա սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնէ իր ապահովութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ պիտի պաշտպանէ ժողովուրդին իրաւունքները։