Հայաստանի կառավարութիւնը 30 Ապրիլի նիստին ընդունած է որոշում Օմանի Սուլթանութեան մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն հիմնելու մասին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, որոշումին նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի եւ Օմանի միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ ընդգծուած է, որ վերջին տարիներուն կը նկատուի աշխոյժ համագործակցութիւն Հայաստանի եւ Ծոցի արաբական երկիրներու, այդ կարգին Օմանի հետ։ Բարեկամական կապերը կը ներառեն փոխադարձ առեւտուրը, օդային հաղորդակցութիւնը, տնտեսական ոլորտը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, մշակոյթը եւ զբօսաշրջութիւնը։

Նախագիծով առաջարկուած է դեսպանութեան հիմնումը՝ նկատի առնելով Օմանի դերը տարածաշրջանի մէջ որպէս չէզոք եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարող պետութիւն։ Հայաստան նման նախաձեռնութեամբ կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացումին, Արեւելեան Ափրիկէի եւ Հնդկական ովկիանոսի երկիրներու հետ կապերու զարգացումին։