Վերջերս առցանց հարթակի վրայ տարածուեցաւ Մուհամմետ մարգարէին դէմ ուղղուած նախատինքի մասին տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ, Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ մօտէն կը հետեւի այս հարցին` մեկնելով սրբատեղիներու եւ կրօնական խորհրդանիշերու պաշտպանութեան իր նախանձախնդրութենէն։
Արդ, Նախարարութիւնը շեշտեց, որ կրօնական խորհրդանիշերու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն պիտի չթոյլատրէ։
Նախարարութեան բանբեր Ահմետ Հալլաք Նախարարութեան “Telegram”-ի էջին վրայ տեղադրած հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ. «Հիմք ընդունելով քրէական օրէնսգիրքի 462, 568 եւ անոնց յաջորդող յօդուածները, յատկապէս ընդհանուր պատիժներու օրէնքի 208 թուակիր յօդուածը եւ 2022-ի 20 թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրը, որ կը քրէականացնէ սրբատեղիներու եւ կրօնական խորհրդանիշերու դէմ ոեւէ ոտնձգութիւն, Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարութիւնը դիմեց սուրիական դատախազութեան, վերոյիշեալ հարցին գծով Նախարարութեան կողմէ հանրային հայց հարուցելու համար։
Նախարարութիւնը շեշտեց կրօնական եւ բարոյական սկզբունքերը յարգելու կարեւորութիւնը, ապա հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր արտայայտութիւններուն համար, որպէսզի սուրիական ընկերութեան մէջ համերաշխութիւն դրսեւորուի։