Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, այսօր, Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի «Սրտաբուխ Աղօթքներ» (առօրեայ բազմաբնոյթ պայմաններու եւ պարագաներու համար ըսուած) հեղինակային աղօթամատեանը, տպագրական երկու տարբերակով։

Գիրքը հրատարակուած է հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, ազնիւ մեկենասութեամբ տիկին Զենտա Թաթոյեան-Գնաճեանի, ի յիշատակ իր սիրելի ծնողաց՝ Գնաճեան Պետրոսի եւ Մարիի եւ իր վաղամեռիկ եղբօր ու քրոջ՝ Անդրանիկի ու Մայտայի եւ համայն Թաթոյեան ու Գնաճեան գերդաստանի ննջեցեալներուն։

Առօրեայ բազմաբնոյթ պայմաններու եւ պարագաներու համար ի սրտէ բխած 121 աղօթքներ պարունակող հատորի տպագրական երկու տարբերակներուն կողքի սրբապատկերները կը խորհրդանշեն Ս. Գրիգոր Նարեկացին, գծուած սրբազան հօր եղբօր՝ Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի կողմէ (Իտալիա):

«Գանձասար» շնորհակալութեամբ ստացաւ աղօթամատեանի երկու տարբերակներէն օրինակներ։ Այս առիթով մեր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը կը յայտնենք Բերիոյ Հայոց Թեմի գրասէր եւ ժրաջան առաջնորդին՝ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Աշգարեանին, վերջին շրջանին միայն Հալէպի մէջ հրատարակած իր իններորդ հատորին առիթով։