Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող օրը, Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, մեռելոց յիշատակին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Ազգ. Գերեզմանատան «Ս. Հռիփսիմէ» մատրան մէջ, ներկայութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, թեմի Քահանայ Հայրերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:

Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը, գլխաւորութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Վաչէ սրկ. Գայթանճեանի:

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: