Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին, Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու։

Եկեղեցւոյ դպիրները, օրուան խորհուրդին առնչուող սուրբ գրային համարներ ընթերցեցին, որմէ ետք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի ղեկավարութեամբ, քաղցրահունչ երգեցողութեամբ արտայայտեց Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին ուրախութիւնը։

Սրբազան Հայրը հոգեկան ցնծութեամբ յայտնեց մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը:
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր շարականագիրին հետեւեալ բառերը. «Ուրախացան ազգք մարդկան,
Յորժամ լուան զքո յարութիւնդ,
Նորափետուր զարդարեցան
Ի յարութեան Սուրբ Միածնիդ»
(Ներսէս Շնորհալի)։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի մահը եւ Յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի երկու ճշմարտութիւններն են։ Քրիստոս յօժարակամ, աստուածային սէրէն մղուած, աստուածային փառքէն խոնարհեցաւ եւ խաչին վրայ արիւնաքամ դարձաւ՝ մարդը փրկելու եւ վերականգնելու համար։ Հետեւաբար, շարականագիրին բառերով այս օրը ուրախութեան օր է, այլ խօսքով՝ զարդարուելու, վերականգնելու եւ վերստին կեանքի կոչուելու օր է, որովհետեւ խոստացեալ Մեսիան, Անմեղ Գառնուկը եկաւ մեր փրկութեան համար, որուն նախատիպը Աստուած տուած էր Մովսէս Մարգարէին ճամբով եւ որուն մասին դպիրները ընթերցուածներուն ճամբով ակնարկեցին։
Սրբազան Հայրը շարունակելով յայտնեց, թէ Քրիստոս յատուկ առաքելութեամբ աշխարհ եկաւ՝ մեղքով կլանուած, Աստուծմէ հեռացած եւ աստուածաճանաչողութիւնը կորսնցուցած մարդը փրկելու եւ զայն Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու։ Ան յայտնեց, թէ ցնծութեան այս տօնին, երբ մեր հաւատքով կը վկայենք Յարութեան մասին, Յարութեան զօրութիւնը կը ներգործէ մեր ողջ էութեան մէջ եւ թոյլ չի տար որ տկարանանք։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները Ս. Յարութեան տօնին առիթով։ Ան գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, աղքատախնամը, դպրապետը, սարկաւագներն ու դպիրները՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար, եւ մաղթեց, որ Քրիստոսի Յարութեան զօրութեամբ ապրինք մեր կեանքը, միշտ յիշելով, որ Տէրը մեր կողքին է եւ բարիքներով կը լիացնէ մեր կեանքը։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի ՍՕ Խաչի Ազգ. Պատսպարան, ուր պատսպարանի սաներուն աւետեց Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը եւ տնօրհնէքի արարողութեամբ օրհնեց աղը, ջուրը եւ հացը, ներկայութեամբ՝ ՍՕԽաչի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան:
Դպրաց դասը բերկրանքով երգեց Ս. Յարութեան շարականներ, փառաբանելով Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։