Կեանքը միշտ ալ վարդագոյն չէ՛ եւ ո՛չ ալ՝ միշտ մութ։ Կեանք ըսուածը (երկրաւոր կեանքը) քանի մը երկար տարիներու վրայ երկարող ժամանակահատուած մըն է. անոր ընթացքին մարդը կ՚անցնի զանազան ու այլազան իրադարձութիւնները եւ ապրումներէ, ինչպէս օրինակ. երջանկութիւն, տխրութիւն, հարստութիւն, աղքատութիւն, խաղաղութիւն, խռովութիւն եւ շարքը կրնայ երկարիլ։ Բայց այս ընթացքին կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերինք յիշեալ իրադարձութիւններուն հետ։
Ամէն մարդ կեանքի իրականութիւններու հանդէպ մօտեցման տարբեր ձեւ եւ ոճ ունի։ Ինծի համար երջանկութիւնը տարբեր արժէչափ ունի, իսկ քեզի համար՝ տարբեր։ Ամէն մարդ համահաւասար ձեւով չէ որ կը մտածէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր տարբեր փիլիսոփայութիւնը, ըմբռնումը, մօտեցումն ու համոզումը։ Բա՜յց, տեղ մը պէտք է կանգ առնենք եւ համահաւասար եզրակացութեան յանգինք յարութեան իրականութեան շուրջ։
Յարութի՜ւն – Վերակենդանութի՜ւն։ Յարութիւնը պարզապէս արար (act) մը չէ՛, այլ մարդը վերակենդանացնող ճանապա՜րհ։ Մեր Տէրն ու Փրկիչը անցաւ Գողգոթայի ճանապարհէն եւ երբ Գողգոթայ բառը կարդանք կամ լսենք արդէն մեր մտապատկերին մէջ չարչարանքի եւ խաչելութեան ճանապարհը կ՚ուրուագծուի։ Սակայն միայն այդքա՞ն։ Իսկ անկէ ետք եւ անդին, ի՞նչ։ Վերակենդանութի՜ւն, վերկանագնո՜ւմ։ Գողգոթայի ճանապարհը կամուրջն է վերակենդանութեան։ Մարդը չի կրնար այդ կամուրջը իր կեանքէն զանց ընել։ Իւրաքանչիւր մարդ անհատ տարբեր փորձառութեամբ կը քալէ այդ ճանապարհէն, բայց ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ մարդը այդ ճանապարհին մէջ չի՛ թաղուիր, չի՛ մեռնիր, չ՚անշնչանար, այլ այդ ճանապարհով կը վերապրի՝ Յարութեա՜մբ։
Մեր կեանքի տեւողութեան այնքան դժուար պայմաններէ կ՚անցնինք, կարծէք այլեւս այն համոզումը կ՚ունենանք, թէ մեր կեանքը «ասկէ լաւ չ՚ըլլար»։ Ո՛չ։ Անոնք կու գան ու կ՚անցնին։ Անոնք փոթորիկ մըն են պարզապէս, որոնց կը յաջորդէ պայծառ արեգակը՝ Յարութեան Արեգակը, «Կեանքի Լոյսը»։
Մի՛ յանձնուիր։ Նոյնիսկ երբ փշոտ ճանապարհէ կ՚անցնիս եւ ոտքերդ կ՚արիւնահոսին, մի՛ յանձնուիր, որովհետեւ ճամբուն եզերքին վէրքերդ սպիացնող Տէր Յիսուսը կանգնած է եւ քե՛զ կը սպասէ։ Հոն Յարուցեալը կայ, հոն Յարութիւնը կայ, հոն քեզ վերակենդանացնողն ու վերականգնողը կայ. անոր համար յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր, միա՛յն։ Ժողովրդական ասացուածքով. «աչքերդ գոց վստահէ՛»։
Սիրելի՛ս, առանձինդ չես որ տխուր ու մոլոր պայմաններէ կ՚անցնիս, այլ՝ բոլորս, այո՛, անխտի՛ր բոլորս։ Բայց եթէ լաւատես չըլլանք, այն ատեն փոթորիկը կու գայ կը զարնուի մեզի եւ կ՚առնէ ու իր հետ կը տանի, իսկ եթէ Քրիստոսատես ըլլանք, ուրեմն անոր դիմաց Տէրը կանգնած պիտի ըլլայ թղթիկ մը ձեռքին, որուն վրայ արձանագրուած պիտի կարդանք. «Ով որ մինչեւ վերջ դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի» (Մատթէոս 10.22):
Վերականգնէ՛ Յիսուսով, թող անձդ տկարութիւն չճանչնայ, որովհետեւ դուն Ամենազօրին զաւակն ես։
Վերականգնէ՛ Յիսուսով, թող միտքէդ յուսահատութեան մտածումներ չանցնի, որովհետեւ «Տէրն է հովիւդ, ուստի ոեւէ բանի կարօտ պիտի չմնաս» (Սաղմոս 23.1):
Վերականգնէ՛ Յիսուսով, որովհետեւ միա՛յն Ինքն է քու «Տէրդ եւ Փրկիչդ»։ Այո՛, ուրախ թէ՛ տխուր օրերուդ, թո՛յլ տուր, որ Ինք քեզի տիրութիւն ընէ, որպէսզի Իր Հայրական տիրութեամբ փրկուիս։
Մտահոգութիւններդ, մտավախութիւններդ, տագնապներդ եւ դժուարութիւններդ Տիրոջ խաչին վրայ գամէ, որպէսզի Յարուցեալով Յարութիւն առնես, «առաւել կեանքը» շահիս եւ Տէր Յիսուսով վերականգնիս ու վերապրիս եւ այս անգամ քու շրթներդ բարձրաձայնեն. «Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս 16.33), բայց Յարուցեալ Յիսուսով։
Աւետիք Վարդապետ Տէր Կարապետեան